Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Բարձր Կը Գնահատէ Վրաստանի` Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Պահպանման Ուղղուած Հետաքրքրուածութիւնը. Ալէն Սիմոնեանը` Վրաստանի Վարչապետին

Հայաստան Բարձր Կը Գնահատէ Վրաստանի` Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Պահպանման Ուղղուած Հետաքրքրուածութիւնը. Ալէն Սիմոնեանը` Վրաստանի Վարչապետին

by MassisPost

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին ընդունած է պաշտօնական այցով Վրաստան գտնուող ՀՀ Ազգային +ողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Կողմերը շնորհաւորած են միմեանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ` շեշտելով, որ երկու ժողովուրդները կը կապէ ընդհանուր պատմութիւնը:

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ Հայաստանը մեծապէս շահագրգռուած է տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդմամբ, ուստի բարձր կը գնահատէ Վրաստանի` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման ուղղուած հետաքրքրուածութիւնը:

Ալէն Սիմոնեան ընդգծած է նաեւ, որ Ատրպէյճանը, շարունակելով ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, Սեպտեմբեր 13-ին լայնածաւալ յարձակում ձեռնարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ:

Անդրադառնալով Արցախի հարցին` ՀՀ ԱԺ նախագահը նշած է, որ առաջնային կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը:

Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան միտուած երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները: Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին նշած է, որ ջերմ հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ փաստած է, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները այժմ աւելի բարձր մակարդակի վրայ են, քան երբեւէ: Անոր խօսքով` այդ կը վկայեն բարձրաստիճան փոխայցերու յաճախականութիւնը եւ խաղաղութեան ձգտելու ընդհանուր ջանքերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment