Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ես Թերահաւատ Եմ, Որ Ատրպէյճանը, Թուրքիան Կամ Ռուսիան Թոյլ Պիտի Տան Հայաստանին Եւ Հայ Ժողովուրդին Ինքնուրոյն Որոշել Իրենց Ճակատագիրը․ ԱՄՆ Ծերակուտական

Ես Թերահաւատ Եմ, Որ Ատրպէյճանը, Թուրքիան Կամ Ռուսիան Թոյլ Պիտի Տան Հայաստանին Եւ Հայ Ժողովուրդին Ինքնուրոյն Որոշել Իրենց Ճակատագիրը․ ԱՄՆ Ծերակուտական

by MassisPost

ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի ղեկավար Պոպ Մենենտեզը, ելոյթ ունենալով Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ լսումներու ժամանակ, խօսած է Ատրպէյճանին ԱՄՆ ռազմական աջակցութեան մասին եւ անդրադարձած է Ազատութեան մասին ակտի 907-րդ փոփոխութեան, յիշեցնելով, որ այն կ’արգիլէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին, քանի դեռ վերջինս չէ հրաժարած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ուժի կիրառումէն:

«Պետական Քարտուղարութիւնը կրկին ու կրկին բացառութիւն կ’ընէ Ատրպէյճանի համար: Ան 600.000 տոլար խնդրած է Ատրպէյճանի ռազմական պատրաստութեան համար: Ես կտրականապէս դէմ եմ որեւէ օգնութեան այն երկրին, որ յայտնի է ռազմական յանցագործութիւններով եւ հարեւան պետութեան դէմ յարձակմամբ: Պետական Քարտուղարութիւնը անվտանգութեան օժանդակելու թոյլտուութիւն տուաւ Պաքուի համար Սեպտեմբերին` Հայաստան Ատրպէյճանի ներխուժումէն քանի մը ամիս առաջ, ատրպէյճանցիներուն կողմէ անզէն հայ զինուորներու սպանութեան տեսանիւթի յայտնուելէն քանի մը ամիս առաջ, հայ զինուորներու հանդէպ ատրպէյճանցիներու սեռային բռնութենէն եւ սպանութենէն քանի մը ամիս առաջ:

Անիմաստ է ըսել, որ ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը չէ ազդած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան վրայ: Դուք պէտք է Գոնկրէսին ներկայացնէք բոլոր մանրամասնութիւնները, որ մենք կարենանք գնահատել ԱՄՆ օգնութիւնը Պաքուին», ըսած է ծերակուտականը:

«Ես կ’ողջունեմ ԱՄՆ ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանի գործերուն ամենաբարձր մակարդակով: Կովկասի վրայ վարչակազմի ուշադրութեան պակասը կը բխի Ռուսիոյ շահերէն, ուստի ես կը գնահատեմ այս նոր մօտեցումը: Բայց ես յոյս ունիմ լսելու, թէ ալ ինչ կրնանք ընել խաղաղութեան համար Կովկասի մէջ եւ յատկապէս Հայաստանի վրայ յարձակումներէն յետոյ: Ես թերահաւատ եմ, որ Ատրպէյճանը, Թուրքիան կամ Ռուսիան թոյլ պիտի տան Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ինքնուրոյն որոշել իրենց ճակատագիրը: Պէտք է երաշխաւորել, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու պիտի չյանգեցնէ: Սա կը նշանակէ լուծել մարդասիրական ճգնաժամը, պատասխանատուութեան կանչել այս տարածաշրջանին մէջ բռնութիւններու համար պատասխանատուները», ըսած է Մենենտեզ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment