Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետական Քարտուղարութիւնը Աշխուժօրէն Կը Զբաղի Ատրպէյճանա-Հայկական Յարաբերութիւններու Կարգաւորմամբ

Պետական Քարտուղարութիւնը Աշխուժօրէն Կը Զբաղի Ատրպէյճանա-Հայկական Յարաբերութիւններու Կարգաւորմամբ

by MassisPost

Ամբողջ կազմը եւ պետական քարտուղար Պլինքընը կը շարունակեն մեծ աշխուժութեամբ զբաղիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան որոնումներով` անոր դարձնելով մեծ ուշադրութիւն, ըսած է Պետական Քարտուղարութեան մամուլի քարտուղարի տեղակալ Վետանթ Փաթելը:

«Մենք կը կարծենք, որ այս խնդիրի լուծման բանալին ուղիղ երկխօսութիւնն է, եւ այդ պատճառով կը շարունակենք աշխուժօրէն զբաղիլ այդ հարցով», նշած է ան:

Փաթելի մեկնաբանութիւնները յաջորդած են Էնթընի Պլինքընին ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու հեռախօսազանգերուն, որոնց մէջ ան կողմերուն կոչ ըրած է ծրագրելու հետագայ բանակցութիւնները, ինչպէս այդ աւելի վաղ համաձայնեցուած է Ուաշինկթընի մէջ:

«Այդ հարցով պետական քարտուղարին մշտական ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապագայի գործին ԱՄՆ յանձնառութեան արդիւնքն է», ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment