Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Առանց ԼՂ Խնդիրի Յստակացման Հնարաւոր Չէ Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել. Արմէն Գրիգորեան

Առանց ԼՂ Խնդիրի Յստակացման Հնարաւոր Չէ Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել. Արմէն Գրիգորեան

by MassisPost

Առանց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման կամ գոնէ յստակացման, թէ ինչպէս այն պիտի լուծուի, հնարաւոր չէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ․ այս մասին կ’ըսէ Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Անոր խօսքով` հայկական կողմը աշխատած է Ատրպէյճանի ներկայացուցած հինգ սկզբունքներուն եւ անոնց ընդլայնուած տարբերակին վրայ, որուն հիման վրայ երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները Նոյեմբեր 7-ին հանդիպած են Ուաշինկթընի մէջ: Այժմ այդ բնագիրը, ըստ Գրիգորեանի, ունի շրջանակային համաձայնագրի տեսք, որ կրնայ համապարփակ լուծել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ խնդիրները: Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը կը կարծէ, թէ երթալով աւելի կը յստակացուին խաղաղութեան գործընթացին շրջանակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment