Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դարձեալ Մեր Ցաւին Մասին

Դարձեալ Մեր Ցաւին Մասին

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Մեր ազգային իրավիճակը, որ կը պարզուի մեր աչքին, դժբախտաբար անգամի մը համար եւս ցաւալի կը գտնենք: Բայց այս մասին անդրադառնալէ եւ առաջարկներ ընելէ առաջ, անհրաժեշտ կը նկատենք պարզել մեր առաջարկներուն հիմք ծառայող ենթահողը, որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ պատկերը եւ մեր ընելիքը: Սկսինք համաշխարհային պատկերէն, հասնելու համար մեր իրավիճակին:

Պերլինի պատի քանդումով եւ Սովետական Միութեան փլուզումով ազդանշանը տրուեցաւ համաշխարհային նոր համակարգի մը ձեւաւորման գործընթացին: Շատ կարճ ժամանակ մը ԱՄՆ-ը դարձաւ աշխարհի մենատէրը եւ նոյնիսկ սկսաւ խօսուիլ, որ ԱՄՆ-ի դաւանած ազատական ժողովրդավարութեան յաղթանակով, պատմութեան եղափոխութեան ընթացքը հասած է իր աւարտին: Շուտով սակայն յայտնի դարձաւ, որ ԱՄՆ-ով առաջնորդուող միաբեւեռ աշխարհը կը վերադառնայ երկբեւեռ դրութեան, Չինաստանի հզօրացումով:

Կ’արժէ այստեղ փակագիծ մը բանալ Չինաստանի առնչութեամբ: Օգտուելով 1969-ի Չին-Սովետ հակամարտութիւնէն, ԱՄՆ-ը աննախադէպ քայլի ձեռնարկեց, 1972-ին Նիքսըն-Մաօ Ցէ Թունկ հանդիպումով, այսպիսով սեպ մը խրելով ձախակողմեան աշխարհի համակարգին մէջ: Քսանամեակ մը չանցած, փլուզուեցաւ Սովետական Միութեամբ առաջնորդուող ձախ բեւեռը: Ներկայիս, երբ Չինաստանն է ձախ բեւեռի առաջնորդը, ինչո՞ւ համար ԱՄՆ-ը 1972-ի օրինակով չի փորձէր սիրաշահիլ Ռուսիան, այլ կը փորձէ չէզոքացնել կամ իրեն ենթարկել զայն (Ուքրանիոյ պատերազմին միջոցաւ): Արդեօ՞ք Ելցինեան տարիներուն իր սխալ գործելաձեւին որպէս արդիւնք Փութինի երեւոյթին յայտնուիլը արգելք կը հանդիսանայ այդպիսի ռազմավարութեան մը կիրառկման:

Յստակ պէտք է ըլլայ բոլորիս համար, որ համաշխարհային բեմի վրայ, մեր անուանումով՝ «լուռ պատերազմ» մը կը մղուի Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ, որուն աղմուկը կը լսենք Ռուսիա-Ուքրանիա հակամարտութեան բեմէն: Այս «լուռ պատերազմ»ին յատկանիշերէն են ԱՄՆ-ի կողմէ ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը 1999-էն սկսեալ եւ Չինաստանի նախաձեռնութեամբ 2001-ին հիմնուած Շանհայի Գործակցութեան Կազմակերպութիւնը (ՇԳԿ), ինչպէս նաեւ «Գոտի եւ Ճամբայ» նախաձեռնութիւնը 2013-էն սկսեալ: Այս զարգացումներուն հետ կապուած կ’արժէ նաեւ նշել, որ Փութին իշխանութեան եկաւ 1999-ին եւ Խրիմի կցումը եղաւ 2014-ին:

Համաշխարհային բեմի վրայ ընթացող այս զարգացումներէն կը փորձուին օգտուիլ բոլոր պետութիւնները, մեկնած իրենց ազգային շահերէն: Երբ աչքի առջեւ կ’ունենանք Կովկասեան տարածաշրջանը, կը տեսնենք, որ այս վիճակէն լաւագոյնս օգտուողը առայժմ Թուրքիան է: Թուրքիան, որ չյաջողեցաւ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ (դէպի Արեւմուտք թեքում). Թուրքիան, որ չյաջողեցաւ դառնալ Իսլամական ու Արաբական աշխարհի առաջնորդը (դէպի Արեւելք թեքում), արդէն իսկ որոշ յաջողութիւններու հասած է Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, իրեն ենթարկելով Ազրպէյճանը եւ սրելով իր փանթուրանական ախորժակները: Ձեւաւորման ընթացքի մէջ եղող երկբեւեռ (ՆԱԹՕ-ՇԳԿ) աշխարհին մէջ շատ զգայուն դեր վերապահուած է Թուրքիոյ, որ թէեւ անդամ է ՆԱԹՕ-ի, բայց կ’ուզէ գործակցիլ նաեւ ՇԳԿ-ի հետ: Նշենք, որ ՇԳԿ-ն կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէ. Չինաստան, Ռուսիա, Ուզպէքստան, Ղազախստան, Քիրկիզստան, Տաճիկստան, ինչպէս նաեւ Հնդկաստան եւ Փաքիստան, որոնք միացան 2017-ին եւ Իրան, որուն անդամակցութիւնը պիտի վաւերացուի 2023-ի Ապրիլէն ետք: Աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելին կը գտնուին այս երկիրներուն մէջ: Թուրքիա չկրնար անդամակցիլ ՇԳԿ-ի առանց հրաժարելու ՆԱԹՕ-էն: Վարկած մը, որ շատ անհաւանական կը գտնենք, որովհետեւ անդամակցելով ՇԳԿ-ի, ան պիտի չկարենայ իրականացնել իր փանթուրանական երազները: Աւելին՝ ան կրնայ վտանգի տակ դնել իր հողային ամբողջականութիւնը, ԱՄՆ-ի կողմէ հրահրուելիք Քիւրտիստանի մը ստեղծումով:

Կը տեսնէ՞ք, որ որքան բարդ են համաշխարհային զարգացումները եւ որքա՜ն զգուշութեամբ պէտք է շարժինք: Այս լոյսի տակ պէտք է դիտել նաեւ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ՝ Նէնսի Փելոսիի այցերը Ուքրանիա (Ապրիլ 30-Մայիս 2), Թայուան (Օգոստոս 2-4) եւ Հայաստան (Սեպտեմբեր 17-18): Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, կ’արժէ նշել, որ Եւրասիական տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի մեծագոյն դեսպանատուները կը գտնուին Երեւանի մէջ: Կ’արժէ նաեւ նշել յատկանշական մի քանի տեղեկութիւններ, ինչպէս՝ ԱՄՆ-ի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով պետական քարտուղարի օգնական, բարձրաստիճան դիւանագէտ Ֆիլիփ Ռիքէրի նշանակումը որպէս ԵԱՀԿ-ի համանախագահ,  Իրանի հիւպատոսարանի բացումը Կապանի մէջ, Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանին այցը Սիւնիք, 3 օրերու տարբերութեամբ, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ հետախուզութեան պետերու այցը Հայաստան, եւ շատ այլ բարձրաստիճան ղեկավարներու այցելութիւնները Հայաստան, հասկնալու համար Հայաստանի առնչութիւնը համաշխարհային զարգացումներուն, եւ որ ինչպիսի ճակատագրական ժամանակաշրջան մը կը բոլորենք ազգովին, որ մեզի կը պարտադրէ գործել ծայրագոյն լրջութեամբ եւ զգուշութեամբ, միշտ առաջնորդուելով մեր պետական շահերը գերադասելու սկզբունքով:

Իսկ ինչի՞ ականատես կ’ըլլանք մենք: Դժբախտաբար անգամի մը համար եւս մխրճուած ենք մեր անհատական ու հատուածական շահերու հետապնդման բաւիղին մէջ: Մեր համոզումով, մեր այս ազգային ախտը գլխաւոր պատճառներէն մին է դարերու ընթացքին մեր «փոքր ածու» մնալուն: Վերյիշման համար, նշենք միայն մի քանի գլխաւոր օրինակներ: Արշակունեաց հարստութեան (66-428թ) վերջին ութը թագաւորներէն վեցն բնական մահով չաւարտեցին իրենց իշխանութիւնը, զոհ երթալով ներքին դաւադրութեանց (սպաննութիւն, գերեվարում, կուրացում, գահընկեցութիւն): Դաւիթ Բէկի եւ Մխիթար Սպարապետի առաջնորդած ազատագրական պայքարը 18րդ դարու սկիզբին, վիժեցուեցաւ ներքին դաւադրութիւնով երկրորդի սպաննութեամբ: Եթէ չէք ուզէր շատ հեռուն երթալ, ապա նկատի ունեցէք Հոկտ. 27, 1999-ի Ազգային Ժողովի սպանդը, որ գլխատեց մեր նորանկախ պետականութիւնը: Նոյնիսկ մեր աչքին առջեւ կատարուած այս վերջին դաւադրութիւնը դաս չէ եղած մեզի համար: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մեր մէջէն գտնուած են պատեհապաշտ, փառամոլ եւ մեծամիտ մարդիկ, որոնք իրենց գձուձ հաշիւներուն համար գործիք դառցած են օտարին ու ոտնակոխած մեր ազգային շահերը: 44-օրեայ պատերազմը անգամի մը համար եւս բացայայտեց այդ ախտը: Ցաւալին հոն է, որ այդպիսիք չեն արժանանար համազգային պախարակման, առիթը տալով նորերու յայտման: Անոր համար է, որ ըստ Խորենացիին, մեզի կը տիրեն չարսիրտ թագաւորներ: Ցաւալին հոն է նաեւ, որ մեզի կը պակսի հարցերը առարկայականօրէն քննելու եւ ըստ այնմ որոշումներու յանգելու բարձր մշակոյթը: Փոխարէնը՝ առատ է հայհոյախօսութիւնն ու ցեխարձակումը: Այդպէս վարուողները չե՞ն անդրադառնար, որ պարզապէս իրենց անձը վարկաբեկած կ’ըլլան, ոչ թէ ան, որուն հասցէին կ’ուղղեն իրենց խօսքը: Արդեօ՞ք այս է մեր իրական պատկերը: Ճոռոմօրէն կը ճառենք հին ազգ մը ըլլալու, բացառիկ շնորհներ ունենալու եւ աշխարհի քաղաքակրթութեան բազում նպաստներ բերած ըլլալու  խօսքերով, բայց չենք կրնար զիրար հանդուրժել եւ համազգային ջանքերու մեկտեղումով մեր պետականութիւնը հզօրացնել:

Դժբախտաբար այդ է մեր ազգի գերիշխող պատկերը: Բայց այս տգեղ եւ տխուր իրավիճակին մէջ մենք կը տեսնենք նաեւ գեղեցիկն ու վեհը, յանձինս մեր բանակի զինուորներուն: Ամէն տեսակի առաւելութիւններ ունեցող թշնամի բանակին դէմ դիմադրողը եւ հակահարուած տուողը անպայմանօրէն վեհ ու քաջարի պէտք է ըլլայ: Ներկայ իրավիճակէն լաւագոյնս դուրս գալու համար մեր գլխաւոր յոյսը կը մնայ մեր բանակը, որուն հզօրացման պէտք է նպաստենք ազգովին, զայն օժտելով արդիական զէնքերով եւ հայրենասէր ու պատրաստուած հրամանատարներով: Երբ կը յաջողինք այդ ընել, վերագտած կ’ըլլանք մեր արժանապատուութիւնը, որ խիստ վիրավորուած է: Միայն այդպիսով կրնանք դարմանել մեր ցաւը եւ հպարտօրէն տօնել մեր անկախութիւնը:

Յ.Գ. Այս յօդուածը ընդարձակուած տարբերակն է Սեպտեմբեր 18-ին Կլէնտէյլի մէջ կայացած  հաւաքի մեր ելոյթին:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment