Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանցի Զինուորները Կամայականօրէն Կը Գնդակահարեն Հայ Ռազմագերիները ՀՀ Ինքնիշխան Տարածքին Մէջ․ Փաշինեան` Տարածուող Տեսանիւթին Մասին

Ատրպէյճանցի Զինուորները Կամայականօրէն Կը Գնդակահարեն Հայ Ռազմագերիները ՀՀ Ինքնիշխան Տարածքին Մէջ․ Փաշինեան` Տարածուող Տեսանիւթին Մասին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թութիթըրի իր էջով անդրադարձած է ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուող հայ ռազմագերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթին:

«Ընկերային ցանցերում հերթական սահմռկեցուցիչ տեսանիւթն է տարածուել. ատրպէյճանցի զինուորները կամայականօրէն գնդակահարում են հայ ռազմագերիների խմբին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքում:

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է խստօրէն դատապարտի այս ռազմական յանցագործութիւնը եւ համապատասխան միջոցներ ձեռնարկի Ատրպէյճանի յարձակումը կասեցնելու համար», գրած է Փաշինեան:

Մէկ այլ գրառմամբ վարչապետը յայտնել է, որ պիտի գործադրուին բոլոր միջազգային մեխանիզմները հետաքննութիւնն ապահովելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

«Հայաստանը կ’օգտագործի բոլոր հասանելի միջազգային մեխանիզմները հետաքննութիւնն ապահովելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: Նման բռնութեան գործողութիւնները պէտք է պատշաճ կերպով արձագանգուեն` նախայարձակի համար հետեւանքներով», գրած է Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment