Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տնտեսութեան Բարելաւման Միտումները

Հայաստանի Տնտեսութեան Բարելաւման Միտումները

by MassisPost

Վերջին ամիսներուն Հայաստանի տնտեսութիւնը ցոյց կու տայ բարելաւման նշաններ գրեթէ բոլոր բնագաւառներէ ներս՝ տնտեսական աշխուժութիւն, ապրանքաշրջանարութիւն, շինարարութիւն, արտասահմանեան փոխանցումներու ներհոսք, զբօսաշրջիկներու թիւի բարձրացում՝ մեծ տոկոսներով, պետական պարտքի նուազում եւ տնտեսական այլ զարգացումներ։

Միջազգային վարկանիշային «ֆիթչ» կազմակերպութիւնը օրերս բարձրացուց Հայաստանի վճարունակութեան աստիճանը B+ի, ինչ որ կը նշանակէ թէ երկիրը արտաքին դրամատուներէն կրնայ պարտք վերցնել աւելի ցած տոկոսներով։ Կազմակերպութիւնը  այժմ Հայաստանի համար  կը նախատեսէ 6․4% տնտեսական աճ՝ նախկին 1.3 տոկոսի փոխարէն։  «ֆիթչի» վերլուծողները այս յառաջխաղացումը կը վերագրեն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն, որոնք յանգեցուցած են Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիոյ քաղաքացիներու դէպի Հայաստան զգալի գաղթին՝ աճելով 515 տոկոսով։

Կեդրոնական դրամատան տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն արտերկրէն հայաստանեան դրամատուներու միջոցով քաղաքացիները ստացած են 1 միլիառ 272  միլիոն տոլար: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճը կազմած է 70 տոկոս։

ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին հրապարակած տուեալները եւս կու գան փաստելու որ, երկրի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը Յունուար-Յուլիսին աւելցած է 13.1 տոկոսով,  նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:

Համաճարակի հետեւանքով տուժած զբօսաշրջութեան բնագաւառը եւս կ՛արձանագրէ մեծ յառաջընթաց։ Միայն Օգոստոս ամսուն Հայաստան այցելած է 260 հազար զբօսաշրջիկ« որոնց 63% ժամանած են «Զուարթնոց՚ օդակայանի միջոցաւ։

Այլ ուշագրաւ տուեալներով՝ արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան Յունուար-Յուլիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելցած է 7 տոկոսով:

Շինարարութեան ծաւալը 2022-ի Յունուար-Յուլիսին նախորդ տարուան  նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 13.6 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան գծով 2022-ի առաջին 7 ամսուան մէջ 2021-ի նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ  աւելցումը կազմած է 12.5 տոկոս:

Հայաստանի մէջ այս տարուան Յունուար-Յուլիսին մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աւելցած է 27.5 տոկոսով:

Միակ ոչ-դրական ցուցանիշը սպառողական ապրանքներու սղաճն է, որ բարձրացած է 6.3 տոկոսով:  Այս սակայն իւրայատուկ չէ Հայաստանին։ Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները կը դիմագրաւեն նոյն խնդիրները, որոնք հետեւանք են համավարակին եւ Ռուսևուքրանական պատերազմին։

Տնտեսական այս բարելաւումէն բարեբախտաբար բաժին կը հասնի նաեւ Հայաստանի տարեց եւ թոշակառու խաւին։ Կառավարութեան վերջին նիստերէն մէկուն ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց որ, քանի որ բաւականին լաւ տնտեսական ցուցանիշներ արձանագրուած են  եւ  հարկային եկամուտները  գերկատարուած է աւելի քան 70 միլիառ դրամով (շուրջ 150 միլիոն տոլար), որոշուած է, 2023-ի Յունուարի 1-էն նախատեսուած  կենսաթոշակներու բարձրացումը իրականացնել 2022-ի Սեպտեմբերի 1-էն սկսեալ։

Հայաստանի կառավարութիւնը նաեւ կը յայտնէ որ,  կարելի չէ հանդուրժել ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն վճարուող ծիծաղելի աշխատավարձերը եւ անոնք եռապատկելու գործընթաց սկսած է:

Նախապէս յայտարարուած էր աշխատավաձերու բարձրացման  եւ իւրաքանչիւր նորածին երեխային համար յաւելեալ գումար յատկացնելու մասին։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս յայտարարեց նաեւ որ, կառավարութիւնը որպէս նուիրատուութիւն ստացած է Զանգեզուրի պղինցի գործարանի եւս 6.8 տոկոսը, պետութեան բաժնեմասը հասցնելով 21.875 տոկոսի։

Այս բոլոր զարգացումները արդիւնք են, ո՛չ միայն արտաքին ազդակներու, այլ եւ պետութեան  վարած տնտեսական ճիշդ քաղաքականութեան ու յատկապէս մաքուր կառավարման, որուն շնորհիւ տնտեսական բարելաւումները կը հասնին ժողովուրդին, փոխանակ անցեալի նման երթալու օրուայ իշխանաւորներու անձնական գրպանին։

Պարզ է որ« փտածութիւնը (կոռուպցիան) ամբողջութեամբ չէ վերացած սակայն այդ դադրած է համակարգային բնոյթ կրելէ, որմէ պիտի շահին միայն Հայաստան պետութիւնն ու անոր  քաղաքացիները։

Գ․ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment