Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Շարունակեն Հարստանալ Հայաստանի Ժողովուրդի Հաշւոյն

Կը Շարունակեն Հարստանալ Հայաստանի Ժողովուրդի Հաշւոյն

by MassisPost

ՀՀ Կառավարութեան վերջին նիստի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ  Փաշինեան յայտնեց որ, Հայաստանի չորս մարզի մէջ Ոստիկանութեան պարեկային ծառայութիւններ ստեղծելու համար կառավարութիւնը 3  միլիառ 107 միլիոն դրամ (մօտ 7.5 միլիոն Ամերիկեան Տոլար) յատկացուցած է «Թոյոթա Երեւան» ընկերութենէն 175 ինքնաշարժ գնելու համար, գնման ընթացակարգը  եղած է մէկ անձէ եւ առանց մրցոյթի:

Այս տեղեկութիւնը զարմանք յառաջացուց եւ արժանացաւ լայն քննադատութեան նկատի ունենալով որ, «Թոյոթա Երեւան» ընկերութիւնը կը պատկանի Ռոբերդ Քոչարեանի ընտանիքին եւ այս գործարքով ան միլիոնաւոր տոլարներու շահոյթ պիտի ապահովէ Հայաստանի հարկատուներու հաշւոյն: Շատեր սկսան խօսիլ Փաշինեան-Քոչարեան գաղտնի գործակցութեան մասին, հակառակ որ, Կառավարութեան նոյն նիստի ընթացքին Վարչապետը յայտնեց որ, կարեւոր կը համարէ թափանցիկութեան սկզբունքներէն մեկնելով այս հարցի քննարկումը փակ նիստի օրակարգէն հանելով բերել բաց քննարկման, որպէսզի ժողովուրդը ծանօթ ըլլայ հարցի մանրամասնութիւններուն:

Համաճարակէն ասդին եւ ապա Ռուս-Ուքրանական պատերազմի բերումով ինքնաշարժներու մեծ պակաս կայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այսօր, նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ դժուար է նոր մեքենայ գտնել շուկայի վրայ եւ  գտնելու պարագային իսկ, պէտք է վճարել պաշտօնական գինէն շատ աւելին:

Այս նոյն դժուարութեան մատնուած է Հայաստանի կառավարութիւնը, որ կը պատրաստուի ոստիկանութեան Պարեկային Ծառայութիւնը Երեւանէն յետոյ տարածել նաեւ Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի ու Արագածոտնի մարզերուն մէջ: Այս նորաստեղծ ոստիկանութիւնը կու գայ փոխարինելու ճանապարհային ոստիկանութեան եւ օժտուած է յաւելեալ պատասխանատութիւններով՝ հսկելու համար կարգ ու կանոնին արհեստավարժ բարձր մակարդակով:

Բարձրացած աղմուկին պատճառաւ ՀՀ ոստիկանական համակարգի բարեփոխումներու յանձնաժողովի անդամ Դանիէլ Իոաննիսեան բացատրութիւններ տալով տեղեկացուց թէ, Մայիս ամսոյն յայտարարուած է մրցոյթ 175 ինքնաշարժներու համար, սակայն ոչ մէկ ընկերութիւն չէ մասնակցած մրցոյթին: Միայն վերջերս  «Թոյոթա Երեւան» ընկերութիւնը իմացուցած է որ, տարբեր նաւահանգիստներու մէջ կրցած է գտնել պահանջուած յատկութիւնները ունեցող ինքնաշարժներ եւ կրնայ մատակարարել, եթէ գնումը կատարուի շուտ: Կառավարութիւնը ստիպուած համաձայնած է  «Թոյոթա Երեւան»-ի հետ, այլապէս պարեկային ծառայութեան աւել քան 600 աշխատակիցներ պիտի չկրնային աշխատանքի անցնիլ:

Այս բոլորը մեզ կը հասցնեն հոն, որ նախկին համակարգի օրով երկրի խոշոր ու շահաբեր ընկերութիւնները դարձած էին նախկին իշխող խաւի մենաշնորհը եւ տակաւին կը շարունակեն մնալ այդպիսին: Քոչարեանը պէտք է շնորհակալ ըլլայ, որ կ՛ապրի Թաւշեայ Յեղափոխութեան Հայաստանին մէջ:  Այլապէս, իր ընկերութիւնները շատոնց խլուած պիտի ըլլային իր ձեռքէն ու յանձնուած՝ իշխանութեան շրջապատի մարդոց, ինչպէս որ կ՛ըներ ինք ժամանակին:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment