Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկու Ուշագրաւ Այցելութիւն

Երկու Ուշագրաւ Այցելութիւն

by MassisPost

Երեք օր տարբերութեամբ Երեւան այցելեցին երկու հզօր պետութիւններու` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետախուզական ծառայութիւններու տնօրէնները, որոնք իրենց կարճատեւ կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Աւելի անակնկալ էր ԱՄՆ Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութեան (CIA) տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի այցելութիւնը, որու մասին նախապէս չէր յայտարարուած: Ուրբաթ օր Պըրնզի ժամանումին անդրադարձաւ ռուսաստանեան «Սփութնիք Արմինեան», իսկ երբ Հայաստանեան լրագրողները փորձեցին Ամերիկեան դեսպանատունէն ստուգել լուրի հաւաստիութիւնը, հոն ոչ հաստատեցին եւ ոչ ալ հերքեցին լուրը: Աւելի ուշ, տարածուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն, որ վարչապետ Փաշինեան ընդունած է Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեային, որուն հետ քննարկած է միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցեր եւ Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը:

Հոս հարց կր ծագի թէ արդեօ՞ք Պըրնզի այցելութիւնը նախատեսուած էր որ մնար գաղտնի, սակայն Ռուսաստան, որ Հայաստանի մէջ ունի հետախուզական լայն ցանց, բացայայտած է Պըրնզի ժամանումը, Հայաստանի իշխանութիւններուն ստիպելով որ, հանդէս գան յայտարարութեամբ:

Իր կարճատեւ կեցութեան ընթացքին Ուիլիըմ Պըրնզ հրապարակային յայտարարութիւն չունեցաւ եւ խիստ անհաւանական է որ, ան եկած է քննելու Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը: Այդ պարագային ան պէտք էը այցելէր նաեւ Պաքու, որուն մասին ոչ մէկ տեղեկատուութիւն եղաւ:

Այս եզակի այցելութեան ծալքերը առայժմ կը մնան չբացայայտուած:

Ուիլիըմ Պըրնզի այցելութենէն երեք օր ետք, Երեւան ժամանեց   Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը: Վարչապետի հետ հանդիպումէն ետք հրապարակուած յայտարարութիւնը ունէր գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը:

Ի տարբերութիւն Ուիլիըմ Պըրնզի, Ռուս պաշտօնեան պատասխանեց ռուսաստանեան լրատուամիջոցներու հարցերուն, յայտարարելով թէ, Մոսկուան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին` նոր ստեղծուելիք արտաքին հետախուզական ծառայութեան հարցով: Ան խոստացաւ պաշտպանել Հայաստանը, առանց յստակացնելու թէ ինչպէ՞ս:

Սերկէյ Նարիշքին պատասխանելով այն հարցին թէ արդեօ՞ք իր այցելութիւնը կապուած է Ամերիկացի պաշտօնակիցի այցելութեան հետ, ան հարցին պատասխանեց այլ հարցով, որ Ուիլիըմ Պըրնզի այցելութիւնը արդեօ՞ք կապուած էր իմ այս այցելութեան հետ:

Մեծ հաւանականութեամբ Սերկէյ Նարիշքին արագօրէն ժամանեց Երեւան իմանալու համար Ուիլիըմ Պըրնզի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ կայացած խօսակցութեան բովանդակութիւնը:

Այս երկու այցելութիւնները անգամ մը եւս ցոյց կու տան Հայաստանի ներկայացուցած կարեւորութիւնը` կովկասեան տարածաշրջանէն ներս, նոյն ատեն փաստելով թէ Երեւան կը կարողանայ վարել բազմաբեւեռ յաջող արտաքին քաղաքականութիւն:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment