Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Հանդիպած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարին Հետ

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Հանդիպած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարին Հետ

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք  Սահակ Մաշալեանը Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հրաւէրով Յունիս 9-ին  այցելած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն եւ հանդիպած է անոր հետ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ֆէյսպուքի էջը:

Սահակ Մաշալեանի հետ Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն այցելած է նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի  Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. արքեպիսկոպոս Պարսամեանը:

Հանդիպման ժամանակ Չաւուշօղլուն հետաքրքրուած է համայնքային ընտրութիւններու թեմայով եւ յայտնած է, որ կանոնադրութեան կազմման աշխատանքները հասած են վերջին փուլին եւ յոյս յայտնած, որ շուտով պիտի հրապարակուի:

Խաժակ Սրբազանը Չաւուշօղլուին տեղեկացուցած է, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850- ամեակին նուիրուած արարողութիւններ կը նախատեսուին, ինչպէս Հռոմի, այնպէս ալ այլ վայրերու մէջ, ուր հայեր կան:

Չաւուշօղլուն հանդիպման ժամանակ խոստացած է Սթամպուլի մէջ ըլլալու պարագային այցելել պատրիարքարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment