Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախէն Կ’արձագանգեն Զօրքերը Դուրս Բերելու Ատրպէյճանի Պահանջներուն

Արցախէն Կ’արձագանգեն Զօրքերը Դուրս Բերելու Ատրպէյճանի Պահանջներուն

by MassisPost

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ իր բնականոն գործունէութիւնը, անկէ հրաժարելու, նման ճակատագրական սխալ ընելու ծրագրեր չունին, յայտնեց Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունցը` արձագանգելով զօրքերը Ղարաբաղէն դուրս բերելու Ատրպէյճանէն հնչող պահանջներուն:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Արցախի 11 նախարարութիւններն մէկն է: Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարն է:

«Մինչեւ յստակ երաշխիքներ չլինեն մեր Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան անվտանգութեան, մենք բոլոր տեսակի զինուած ստորաբաժանումները կը պահպանենք», ըսաւ Բաղունց:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Լէյլա Ապտուլաեւան Հայաստանին խորհուրդ տուած է ապահովել եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, այդ շարքին` «տարածաշրջանէն զինուած ուժերու մնացորդներու դուրսբերումը` նպաստելու համար տարածաշրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան»:

«Մենք ապօրինի հայկական ստորաբաժանումներ զինուած չունենք Արցախի Հանրապետութեան տարածքում: Պաշտպանութեան բանակը Արցախի Պաշտպանութեան բանակն է, որի մասին ոչ մէկը ոչ մի յայտարարութիւն չի արել ու չի էլ կրնար անել», ընդգծեց Գագիկ Բաղունցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment