Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարը Անընդունելի Կը Համարէ Ատրպէյճանի Նախագահին Յայտարարութիւնները

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարը Անընդունելի Կը Համարէ Ատրպէյճանի Նախագահին Յայտարարութիւնները

by MassisPost

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան-իվ Լը Տրիան ձեւով եւ բովանդակութեամբ անընդունելի կը համարէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս կեդրոնական շրջանի ղեկավար, Ֆրանսայի նախագահի առաջադրուած թեկնածու Վալերի Փեքրեսի հասցէին: Խորհրդարանին մէջ` պատգամաւորներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ նախարարը նշած է, որ այդ մասին յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանին:

Յիշեցնենք որ 12 Յունուարին Ալիեւ յայտարարած էր` «եթէ մենք տեղեակ ըլլայինք Վալերի Փեքրեսի` Լեռնային Ղարաբաղ անօրինական այցին մասին, մենք առիթը չէինք փախցներ»:

Ֆրանսայի Ծերակոյտի, Ազգային ժողովի, Եւրոպական խորհրդարանի շարք մը պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ 242 այլ գործիչներ բաց նամակ յղած են Ֆրանսայի նախագահին` պահանջելով, որ ան Ֆրանսայի անունով Ատրպէյճանի նախագահէն պահանջէ ներողութիւն խնդրել Փեքրեսէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment