Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ-ի Հանդիպումը Արցախի Պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեանի Հետ

ՍԴՀԿ-ի Հանդիպումը Արցախի Պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեանի Հետ

by MassisPost

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28-ին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը  ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Արցախի պետական նախարար (վարչապետ) Արտակ Բեգլարեանի հետ, որ Միացեալ Նահանգներ կ’այցելէ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հրաւէրով:

Հանդիպումի ընթացքին Պր. Բեգլարեան ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող ներկայ Ապահովական, տնտեսական, առողջապահական եւ բնակարանյին իրավիճակը, լաւատեսութիւն յայտնելով Արցախահայութեան ապագայի նկատմամբ: Ան կարեւորեց Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած օժանդակութիւնները եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի միջոցաւ իրականացուող ծրագիրները Արցախի տարածքին:

Հնչակեան պատուիրակութիւնը գնահատեց պետական նախարարի հրապարակային ելոյթները, որոնք ոգեւորութիւն կը յառաջացնեն ունկնդիրներուն մօտ ու կը նպաստեն պատերազմի հետեւանքով  ժողովուրդի մօտ յառաջացած հոգեբանական վիճակի բարելաւման:

ՍԴՀԿ անդամները պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու համագործակցութիւնը Արցախի կառավարութեան հետ:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ «Հայաստան» Հիմնադրամի տեղական վարչութեան առնչուող հարցերուն:

ՍԴՀԿ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ընկերներ` Վազգէն Խոտանեան, Վարդան Քորողլեան եւ Միհրան Խաչատուրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment