Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դրական Ազդակներ Թէ՞ Դիւանագիտական Խաղեր

Դրական Ազդակներ Թէ՞ Դիւանագիտական Խաղեր

by MassisPost

Հայաստանի Կառավարութեան վերջին նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ տարածաշրջանային խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ կան որոշ դրական ազդակներ: «Մենք այդ ազդակները կը գնահատենք եւ ազդակներին դրական ազդակով կը պատասխանենք », ըսաւ վարչապետը, որուն խօսքերը որոշ չափով անակնկալ էին, մանաւանդ որ, Թուրքիոյ կողմէ որեւէ յայտարարութիւն չէր եղած մինչ այդ: Սակայն, մի քանի օր ետք, նախագահ Ռեջեփ Էրտողանի մէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, այդ մասին հարց տրուեցաւ Թուրքիոյ ղեկավարին ու ան բաւական երկար ձեւով պատասխանեց այդ հարցին ըսելու համար, թէ իրենք պատրաստ են կարգաւորելու յարաբերութիւնները Երեւանին հետ‘ բարի դրացիութեան եւ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հիման վրայ:

Էրտողանի յայտարարութեան մէջ խօսք չկար նախապայմաններու մասին, որոնք անցեալին միշտ ալ հնչած են պաշտօնական Անգարայի կողմէ, կապուած Ղարաբաղեան հարցին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ:

Երկուստեք այս յայտարարութիւնները անմիջապէս յիշեցուցին 2009 թուականի Սեպտեմբերին Զիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայ-թրքական հաշտութեան պայմանագիրը, ուր եւս չկային նախապայմաններ: Ժամանակ մը ետք սակայն, Անգարա սկսաւ խօսիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը դադրեցնելու եւ ղարաբաղեան հարցը լուծելու մասին: Բնականաբար այդ նախապայմանները ընդունելի չէին Հայկական կողմին համար: Թուրքիոյ խորհրդարանը երբեք ալ քննարկման առարկայ չդարձուց այդ փաստաթուղթը ու չվաւերացուց զայն, ստիպելով Երեւանին հրաժարելու այդ համաձայնութենէն:

Ներկայիս հարց կը յառաջանայ թէ, արդեօ՞ք Անգարա անկեղծ է, երբ կը յայտարարէ թէ պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Իսկ, Էրտողանի ակնարկը` իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման մասին կը վերաբերի միայն Հայաստան-Թուրքիա սահմանին, թէ՞ կ°ընդգրկէ նաեւ Ատրպէյճանի ՙհողային ամբողջականութիւնը՚: Ատրպէյճանի համար այդ կը նշանակէ իր սահմանները ճանչնալ Արցախը ներառեալ, իսկ Հայկական կողմը չի կրնար հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքէն:

Քաղաքական մեկնաբաններու մօտ տիրող կարծիքը այն է թէ, Անգարան եւ Պաքուն կը գործեն ներդաշնակ եւ ուշ թէ կանուխ նոյն նախապայմանները դարձեալ պիտի ներկայացուին Հայկական կողմին:

Հոս պէտք է նկատի առնենք հանգամանք մը եւս: Նախագահ Էրտողան յաճախ կը դիմէ դիւանագիտական նման խաղերու ու խաղաղասիրական խօսքերով հանդէս կու գայ Արեւմուտքին աչքին լաւ երեւնալու նպատակով: Ան իր ռազմանաւերը կ°ուղարկէ Յունաստանի ծովային սահմաններուն մօտ, տագնապ կը յառաջացնէ եւ ապա ետք քայլ ընելով կը սկսի խօսիլ Յունաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին: Նոյնը ձեւով կը վերաբերի ան իր դրացի միւս երկիրներուն հետ:

Միջազգային հանրութեան մօտ աննկատ չմնացին 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին թրքական բանակի անմիջական մասնակցութիւնը ռազմական գործողութիւններուն եւ այս քայլով փորձ կը կատարուի մոռացութեան մատնել տարածաշրջան վարձկան կռուողներ ուղարկելու եւ զինադադարի փորձերը ձախողցնելու Թուրքիոյ   ունեցած դերակատարութիւնը:

Վարչապետի խօսքերը նաեւ հարց կը յառաջացնեն, թէ՞ արդեօ՞ք այս օրերուն Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ տեղի կÿունենան ուղղակի կամ անուղղակի գաղտնի բանակցութիւններ, ինչպէս որ պատահած էր Հայ-թրքական հաշտեցման համաձայնագրի ժամանակ, եւ Փաշինեան այդ տեղէն է որ ստացած է ՙդրական ազդակները՚: Այս հարցերուն պատասխանը  ստանալու համար պէտք է սպասել նոր զարգացումներու, առանց մեծ յոյսեր կապելու թրքական կողմի ազդակներուն հետ: Միւս կողմէ, չի խանգարեր որ Երեւան շարունակէ դրական մօտեցում ցուցաբերել` հասկնալու համար թրքական կողմէ իսկական նպատակները:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment