Չորեքշաբթի, Յունիս 30-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանէն ներս, ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս` դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին Հայաստանի ժողովուրդին, որ Յունիս 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կարողացաւ տէր կանգնիլ ազատ ընտրելու իր իրաւունքին ու կայացնել իր հաւաքական որոշումը: Պատուիրակութիւնը նաեւ շնորհաւորեց Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ու անոր գլխաւորած Կուսակցութիւնը` արձանագրած տպաւորիչ յաղթանակին առթիւ:
Այս առթիւ ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները բարձր գնահատեցին Գլխաւոր Հիւպատոս Բայբուրդեանի գործունէութիւնը Արեւմտեան ափի նահանգներուն մէջ եւ խիստ կարեւոր հանդիպումները Ամերիկեան կառավարական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Դոկտ. Բայբուրդեան շնորհակալութիւն յայտնեցին այս հանդիպումին համար եւ բարձր գնահատեց ՍԴՀԿ-ի հետ շարունակուող սերտ համագործակցութիւն: Ան նաեւ անդրադարձաւ համայնքի ներուժը համախմբելու ու զայն ի սպաս Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ուղղելու կարեւորութեան:
Գլխաւոր Հիւպատոսը անդրադարձաւ Հայաստան մէջ տեղի ունեցած դրական զարգացումներուն ու ներկայացուց Հիւպատոսութեան ծրագիրները, որոնք նախատեսուած են յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին, որոնց շարքին` Եութա նահանգին մէջ տեղի ունենալիք առեւտրական քոնֆերանսը եւ ԱՄՆ-ի համալսարաններուն հետ ուսանողներու փոխանակման ծրագիրները:
Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչները վերահաստատեցին Կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը այսուհետեւ եւս աջակցելու եւ օժանդակելու ՀՀ հիւպատոսութեան ծրագիրներուն:
ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի կողմէ հանդիպման ներկայ էին` Վազգէն Խոտանեան, Վահէ Աջապահեան, Կարինէ Տեբոյեան եւ Ռուբէն Մուղալեան: