Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւի Հոգեբանական Պատերազմը` Հայաստանի Դէմ

Ալիեւի Հոգեբանական Պատերազմը` Հայաստանի Դէմ

by MassisPost

Արցախեան թատերաբեմին վրայ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն անցած են վեց ամիսներ, սակայն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ իր հոգեբանական պատերազմը Հայութեան դէմ, օգտագործելով իր ձեռքը մնացած որոշ խաղաքարտեր, որոնցմէ գլխաւորը Հայ գերիներու պարագան է, որ կ՛օգտագործուի Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացներուն վրայ ազդելու նպատակով:

Վերջին մի քանի օրերուն Ատրպէյճանի բռնապետի արարքներն ու հրապարակային ելոյթները ցոյց կու տան թէ ան կը շարունակէ մնալ «յաղթանակով գինովցած» վիճակի մէջ: Ալիեւ զինուորական տարազով կ՛այցելէ պատերազմի ընթացքին նորաբաց «այգի», ուր ցուցադրուած են պատերազմի ընթացքին աւար վերցուած զրահամեքենաներ եւ Հայ զինուորներուն պատկանող սաղաւարտներ եւ այլ իրեր: Նման ցուցադրական երեւոյթներով Ալիեւ կը հետապնդէ մէկէ աւելի նպատակ: Իր ժողովուրդին մօտ ստեղծել անպարտելի ղեկավարի պատրանք, իսկ Հայաստանէն ներս ազդել ժողովուրդի տրամադրութիւններուն վրայ:

Ասոնց շարքին պէտք է դասել նաեւ Պաքուէն-Երեւան ժամանած օդանաւի պարագան, որու շուրջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, թէ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Փութին-Փաշինեան հանդիպումի եւ Փութին-Ալիեւ հեռաձայնային խօսակցութեան լոյսին տակ ռազմագերիներու նոր խումբ ազատ արձակուելով պիտի հասնին Երեւան: Սակայն, այդ օդանաւը, որուն մէջ կը գտնուէր Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Ռուստամ Մուրատովը, վերադարձաւ դատարկ, Հայ հասարակութեան եւ գլխաւորաբար գերիներու հարազատներուն մօտ յառաջացնելով յուսալքութիւն եւ զայրոյթ:

Այս ծիրէն ներս կ՛իյնայ նաեւ Հայաստանի նախկին եւ ներկայ ղեկավարներու հասցէին մեղադրանքները, որոնց բուն նպատակը ներքին քաղաքական կեանքին վրայ ազդելու ու տարակարծութիւնները հրահրելու փորձերն են: Ալիեւ կը խօսի, 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ «գրաւուած տարածքները» երկու շաբթուայ ընթացքին վերադարձնելու խոստումի մասին: Ան նոյն մեղադրանքը կը հնչեցուցնէ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին, որպէս թէ ան նոյնպէս խոստացած է լուծել խնդիրը եւ ժամանակ խնդրած՝ ներքաղաքական հարցերը կարգաւորելու համար:

Այս օրերուն Պաքուի մէջ կայացող՝ Հարաւային Կովկասին հարցերուն նուիրուած միջազգային համաժողովի ընթացքին Ալիեւ կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, իսկ Ատրպէյճան Հայաստանի հանդէպ տարածքային պահանջներ չունի: Թէ ինչ նկատի ունի ան հարցը լուծուած համարելով, յստակ չէ: Հայութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի հարցի միակ լուծումը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս է: Հակառակ Ալիեւի բոլոր յոխորտանքներուն 100 հազարէ աւելի Արցախցիք, թէեւ աւելի փոքրացած տարածքի վրայ, կը շարունակեն ապրիլ Ատրպէյճանի ենթակայութենէն դուրս:

Զանգեզուրը եւ նոյնիսկ Երեւանը ՙպատմական Ատրպէյճան՚ հռչակող Ալիեւը երբ այսօր կը խօսի Հայաստանէն հողային պահանջներ չունենալու մասին, այդքան ալ համոզիչ չեն հնչեր եւ այդ սին խօսքերուն ետին պէտք է տեսնել նենգութիւնª օտարներու մօտ խաղաղութեան ջատագով ներկայանալու ձգտումով:

Հոգեբանական ճնշումներու միտում ունին նաեւ ատրպէյճանական եւ թրքական զինուած ուժերու մասնակցութեամբ դադար չունեցող զօրավարժութիւնները, որոնց ընթացքին շեշտը կը դրուի երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ուժեղացնելու վրայ:

Ատրպէյճան-Թուրքիա դաշինքը վտանգ է ոչ միայն Հայաստանի համար, այլ թիրախ ունի նաեւ Ռուսաստանը, որու ղեկավարութիւնը օր առաջ պէտք է անդրադառնայ, որ չի կրնար ապաւինել այդ երկու երկիրներուն հետ երկարատեւ «բարեկամութեան» վրայ, ինչպէս որ ցոյց կու տան այս օրերուն Ուքրանիոյ շուրջ ընթացող զարգացումներու ծիրէն ներս Անգարայի որդեգրած բացայայտ հակա-ռուսաստանեան դիրքորոշումները:

Աշխարահաքաղաքական այս բարդ իրավիճակներուն առջեւ թուլացած Հայաստանը օր առաջ պէտք է ամրապնդէ իր ներքին կայունութիւնը, արդիականացնէ բանակը ու պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու Ալիեւի ու անոր դաշնակիցի ոչ միայն հոգեբանական պատերազմը, նաեւ՝ ներկայացուցած զանազան այլ մարտահրաւէրները:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment