Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրուկուէյի Հայերը Իրենց Աջակցութիւնը Յայտնած Են Հայաստանին Եւ Արցախին

Ուրուկուէյի Հայերը Իրենց Աջակցութիւնը Յայտնած Են Հայաստանին Եւ Արցախին

by MassisPost

Ուրուկուէյի հայերը նորէն դուրս ելան փողոց՝ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ կատարուող պատերազմին դէմ:

Մոնթեվիտէոյի ծովեզերքը տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով, հարիւրաւոր ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ:

ինքնաշարժներով երթի կարգախօսն էր՝ խաղաղութիւն Արցախի համար եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ու անկախութեան ճանաչում:

Վերջին օրերուն, Ուրուկուէյի թէ՛ գործադիր եւ թէ՛ օրէնսդիր իշխանութիւնները յատուկ յայտարարութիւններով անդրադարձած են Հարաւային Կովկասին մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Հայկական կողմը դրական գնահատած է Ուրուկուէյի կեցուածքը, մինչդեռ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ուժեղացուցած են իրենց ճնշումները եւ բողոքները հրապարակուած դիրքորոշումներու կապակցութեամբ:

Ուրուկուէյի լրատուամիջոցները լայնօրէն կը լուսաբանեն ղարաբաղեան պատերազմը եւ հակամարտութեան ծագումը:

Ուրուկուահայերը յայտարարած են, որ ջանք պիտի չխնայեն, որպէսզի Ուրուկուէյի պետութիւնը իր նպաստը բերէ Արցախի մէջ նոր հայկական ցեղասպանութեան մը կանխարգիլման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment