Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Գօտիին Վրայ Կը Շարունակուին Ռազմական Գործողութիւնները

Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Գօտիին Վրայ Կը Շարունակուին Ռազմական Գործողութիւնները

by MassisPost

Պատերազմի 23-րդ օրը, չնայած կողմերու միջեւ ձեռքբերուած Հոկտեմբերի 10-ի եւ 17-ի պայմանաւորուածութիւններուն, արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ կրակը չի դադրիր։

Հայկական կողմի հաղորդմամբ՝ գիշերը, ընդհանուր առմամբ, իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած, առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը, իսկ առաւօտեան Ատրպէյճանը վերսկսած է հրետակոծութիւնները հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով։

Արցախի պաշտպանական գերատեսչութենէն կը յայտնեն, թէ Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները Ատրպէյճանի կրակակէտերը լռեցնելու համար կը դիմեն համարժէք գործողութիւններու։

Աւելի ուշ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեանը յայտարարեց, թէ մարտերը յատկապէս թէժ են հարաւային հատուածը։ Ատրպէյճանը կրակ բացած է նաեւ Արցախի բնակավայրերու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, հրթիռակոծուած են Մարտունի քաղաքը, Քաշաթաղի շրջանի Ուռեկան, Իշխանաձոր, Այգեհովիտ եւ Վուրգաւան համայնքները։ Արցախէն կը յայտնեն, որ Ատրպէյճանը թիրախաւորած է քաղաքացիական կառոյցներ։ Տուժուածներու ու վնասներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին։

Ատրպէյճանական կողմը նաեւ Հայաստանի բնակավայրերը կը թիրախաւորէ։ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանական անօդաչուներու հարուածներու հետեւանքով անցեալ օրերու ընթացքին վնասուած են Գեղարքունիքի մարզի Սոթք եւ Կութի համայնքներու միջնակարգ դպրոցները։ Հարուածներու ալիքէն կոտրուած են ուսումնական հաստատութիւններու պատուհաններու ապակիները, պատերուն մէջ առաջացած են ճաքեր։ Տուժուածներ չկան։

Պաքուն ալ հերթական անգամ մեղադրանքի սլաքները հայկական կողմին  կ’ուղղէ, թէ՝ հայերը ատրպէյճանական կողմի բնակավայրերը կը թիրախաւորեն։ Այս անգամ, սակայն, ատրպէյճանական կողմէն, վնասներու ու զոհերու մասին չեն յայտարարած։

Պաշտօնական Երեւանէն կոշտ արձագանգած են Պաքուի գործողութիւններուն։ «Հայաստանը իրեն իրաւունք է վերապահում ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ վճռականօրէն մերժելու հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու Ատրպէյճանի մտադրութիւնը», – ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրկին կը մեղադրէ ատրպէյճանական կողմը՝ արդէն երկրորդ անգամ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը խախտելու համար։ Երեւանը միեւնոյն ժամանակ եւս մէկ անգամ կը շեշտէ թէ հայկական կողմը հաւատարիմ է կարգաւորման, բացառապէս խաղաղ միջոցներով՝ բանակցային գործընթացի միջոցով։

«Մենք հաւատարիմ ենք Հոկտեմբեր 10-ի Մոսկովեան համատեղ յայտարարութեամբ եւ Հոկտեմբերի 17-ի յայտարարութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններին՝ որպէս առաջնահերթ նպատակ ունենալով վաւերական մեքենականութեամբ պահպանուող կայուն հրադադարի հաստատումը», – ըսուած է արտաքին գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Պաշտօնական Պաքուն՝ Անգարայի հետ միասին ոչ միայն պատրաստ չեն բանակցութիւններու, այլեւ նման ցանկութիւն չունին, համոզուած է Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար՝ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը։

Վերլուծաբանը ատրպէյճանական ու թրքական կողմի պահուածքը արհամարհանք կը համարէ Ռուսաստանի ու Ֆրանսայի նկատմամբ։

«Մենք տեսնում ենք, որ թէ՛ Ատրպէյճանը, թէ՛ Թուրքիան հրաժարուում են կատարել, ինչպէս Մոսկուայի, այնպէս ալ Ֆրանսայի խնդրանքն ու պահանջը։ Սա չափազանց կարեւոր է, քանի որ դա ապտակ է Մոսկուային։ Այլ կերպ ասած դա արտացոլում է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիայի հիասթափութիւնը, բայց դա առճակատում է հրադադարի ռեժիմ հաստատելու կոչերին եւ համաձայնութեան դէմ», – նշած է Կիրակոսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment