Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպաբնակ Հայերը Փակած Են Շարք Մը Միջպետական Մայրուղիներ

Եւրոպաբնակ Հայերը Փակած Են Շարք Մը Միջպետական Մայրուղիներ

by MassisPost

Եպրոպական շարք մը երկիրներու հայերը այսօր՝ Հոկտեմբեր 16-ին փակած են մեծ կարեւորութիւն ունեցող միջպետական ճանապարհներ՝ ժամեր շարունակ կաթուածահար ընելով երթեւեկութիւնը։

Անոնք եւրոպական երկիրներէն կը պահանջեն ճանաչել Արցախի անկախութիւնը, չլռել, բարձրաձայնել Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, դատապարտել ու դադրեցնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումը։

Աննախադէպ բողոքի հաւաքի ընթացքին, նոյն ժամանակին երկկողմանի փակ եղած են, օրինակ, Գերմանիա–Դանիա, Ֆրանսա–Սպանիա, Ֆրանսա – Իտալիա, Պելճիքա–Հոլանտա, Ֆրանսա – Զուիցերիա, Լիւքսեմպուրկ – Պելճիքա ու բազմաթիւ այլ մայրուղիներ։

«Մենք կաթուածահար ենք արել ամբողջ Եւրոպայի երթեւեկի կէսը, եթէ ոչ աւելին», – կ’ըսէ Մհեր Մնացականեան։

«Մեր նպատակը հետեւեալն է․ օր առաջ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները հասցնել անոր, որ ճանաչեն Արցախի անկախութիւնը», – յայտարարեց Մնացականեան։

france-highway-2

Ան փոխանցեց, որ ցոյցերու ժամանակ չէ եղած որեւէ միջադէպ, եւ աւելցուց, որ պիտի շարունակեն իրենց խաղաղ ցոյցերը․ – «Մենք պէտք է չդադարենք, մենք պէտք է չկանգնենք, մենք պէտք է անընդհատ գործողութեան մէջ լինենք՝ հնարաւոր օրինական բոլոր մեթոտներով։ Մենք որպէս Ֆրանսա ապրող քաղաքացիներ, ունենք սահմանադրական իրաւունքներ։ Մենք պարզապէս իրացնում ենք մեր սահմանադրական իրաւունքը, մենք ունենք խաղաղ ցոյցեր, հաւաքներ անելու իրաւունք եւ մենք դա իրացնում ենք»։

Ցոյցի մասնակիցներէն Սթելլա Դաւթեան կը պատմէ․ – «Մեր ձայնը բարձրացրել ենք, որ մեր երկրին պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, մեր ձայնը լսել։ Մենք բոլորս զինուորի կողքին ենք, Հայոց աշխարհի, մեր Արցախի, մեր Հայրենիքի, մեր զինուորների, նրանց մայրերի։ Մենք ձեզ հետ ենք, Հայաստան եւ Արցախ»։

Դաւթեան աւելցուց, որ չորս ժամ շարունակ ներկայացուցած են իրենց պահանջները եւ կը պատրաստուին օրուայ ընթացքին շարունակել հաւաքը․- «Գիշեր-ցերեկ չենք քնում, պայքարել ենք, պայքարում ենք Արցախի ազատութիւնն ենք պահանջում, անկախութիւնն ենք պահանջում։ Պահանջում ենք, որ Եւրոպան լսի մեր ձայնը եւ գործի անցնի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment