Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեան. Տասնամեակներ են, եւ Ղարաբաղեան Հարցին Լուծման Հնարաւորութիւն Չենք Տեսներ

Արայիկ Յարութիւնեան. Տասնամեակներ են, եւ Ղարաբաղեան Հարցին Լուծման Հնարաւորութիւն Չենք Տեսներ

by MassisPost

Տասնամեակներ են, եւ այս հարցի լուծման հնարաւորութիւնը շատ ցած հաւանականութիւն ունի, այսօր ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան: Ի պատասխան այն հարցին, թէ ինչն է առանցքային քաղաքական կողմը ընդհարումի կարգաւորման համար, ան նշեց. – «Այս օրը` հենց անկախութեան օրը, դրա խորհրդանիշն է, ի հարկէ, մենք քաղաքագէտների հետ քննարկել ենք` ճիշդ էր անկախութեան հռչակումը, թէ միացման ճանապարհն աւելի կարճ կը լինէր, բայց այն ժամանակուայ մեր քաղաքական ղեկավարութիւնը, ի դէպ, նշեմ, որ շատ կարեւոր ժամանակին ճիշդ ճանապարհ ու ուղղութիւն է ընտրել` անկախութիւնն այս փուլում, իսկ հետագայում ի հարկէ մեր վերջնական նպատակը միասնական հայրենիք ունենալն է Հայաստանի հետ»:

Միաժամանակ Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ պէտք է նաեւ իրատես ըլլալ: «Գիտենք, որ տասնամեակներում այս հարցի լուծման հնարաւորութիւնը շատ ցածր հաւանականութիւն ունի, հնարաւոր չի, չենք տեսնում դա, դրա համար մեր բանակի հզօրացման շնորհիւ պարտադրել հակառակորդին հաշուի նստել արցախեան հայկական ուժի հետ, «սթաթուս քւոն» ներայ իրավիճակը  պահպանել մինչեւ աշխարհաքաղաքական մեծ զարգացումներ, որը հնարաւոր է բերի ղարաբաղեան խնդրի ինչ-որ ժամանակաւոր, ոչ թէ ժամանակաւոր, գոնէ մասնակի լուծման: Ամբողջական լուծում հնարաւոր չէ, Քոսովոն էլ ամբողջապէս լուծուած չէ, բայց գոնէ ինչ-որ առումով լուծուած է այդ ամէնը», – աւելցուց նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment