Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գասպարեանի Կողմէ Լրագրողի Գործունէութիւնը Խոչընդոտելու Գործով Բացայայտուած Են Չարաշահումներ

Գասպարեանի Կողմէ Լրագրողի Գործունէութիւնը Խոչընդոտելու Գործով Բացայայտուած Են Չարաշահումներ

by MassisPost

Նախկին ոստիկանապետ՝ Վլատիմիր Գասպարեանի կողմէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողի մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտելու դէպքով յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս բացայայտուած են չարաշահումներ, եւ նոր քրէական գործ յարուցուած է։ Ըստ Քննչական կոմիտէի՝ Սեւանի ափին գտնուող շինութիւններէն քանի մը հատը, յատակագծին վրայ նշուած չեն եղած, եւ որ չնայած լողափի գօտիին բաժանիչ պարիսպներուն կամ ցանկապատերուն տեղադրման արգելքին, անոնք առկայ եղած են ։

Անցեալ ամիս Քննչական կոմիտէի նշած հատուածին վրայ, «Ազատութիւն»ի նկարահանող խումբը ապօրինի առանձնատուներուն ու այլ կառոյցներուն վերաբերեալ ռեպորտաժի համար նկարահանումներ կատարած ատեն, Վլատիմիր Գասպարեան դուրս եկած էր առանձնատունէն ու սպառնալիքներով խոչընդոտած լրագրողի աշխատանքը։ Յետոյ քանի մը հարցազրոյցներու ընթացքին ան նշած էր, որ այդ առանձնատունը իրն է։

Քննչական կոմիտէի մամլոյ քարտուղար՝ Ռիմա Եկանեան մանրամասնած է. – «Նախաքննութեան ընթացքում կատարուած քննչական եւ դատավարական գործողութիւնների արդիւնքում պարզուել է, որ ըստ 2017 թուականի Դեկտեմբերի 19-ին հաստատուած յատակագծի՝ պատրաստուող ռեպորտաժի իրականացուող նկարահանման վայրում` Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ համայնքի Դրախտիկ գիւղի հողամասում, առկայ է 14 միաւոր շինութիւն, մինչդեռ համաձայն ստացուած տուեալների՝ յատակագծում նշուած չեն դրանցից լճի մօտակայքում գտնուող 2 շինութիւնները, որոնք դեռեւս 2013 թուականի Յունուարի 28-ի դրութեամբ, ի թիւս այլ շինութիւնների, առկայ են եղել: Նշուած շինութիւնները բացակայում են նաեւ Դրախտիկ համայնքի ղեկավարի կողմից 2017 թուականի Փետրուարի 20-ին համաձայնեցուած կառուցապատման նախագիծում»:

Քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ խնդրոյ առարկայ դարձած անշարժ գոյքերուն սեփականատէրը 2017-ին դիմած է զանոնք գրանցելու համար, բայց Անշարժ գոյքի  կալուածագիրի պետական կոմիտէի աշխատակիցի որոշումով այդ գործընթացը կասեցուած է, քանի որ ներկայացուած փաստաթուղթերուն մէջ առկայ եղած է անհամապատասխանութիւն, ինչպէս նաեւ շարք մը շինութիւններ եղած են Սեւանայ լիճի սահմանուած բացարձակ նիշէն ցած գօտիէն ներս:

Պաշտօնէական կեղծիքներու ու շէնքերու եւ շինութիւններու ինքնակամ կառուցումը կասեցնելու, կանխարգիլելու ուղղութեամբ օրէնքով սահմանուած կարգով միջոցներ չձեռնարկելու դէպքերուն առթիւ յարուցուած է նոր քրէական գործ: Այս գործով Վլատիմիր Գասպարեան չէ հարցաքննուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment