Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանահայ Համայնքի Վերականգնումը Ազգային Արժանապատուութեան Հարց

Լիբանանահայ Համայնքի Վերականգնումը Ազգային Արժանապատուութեան Հարց

by MassisPost

Լիբանան կը բոլորէ իր ամենէն ողբերգական ու դժուարին պահերէն մէկը: Երկիր, որ տեսած է քաղաքացիական պատերազմներ, իսրայէլեան ներխուժում, քաղաքական սպանութիւններ, ահաբեկչական պայթումներ եւ ներկայիս կ՛անցնի տնտեսական ու ընկերային սուր եւ աղետալի տագնապներու ընդմէջէն, ականատես եղաւ նոր աղէտի՝ մայրաքաղաք Պէյրութի քանդումին:

Օգոստոս 4-ին, նաւահանգիստէն ներս տեղի ունեցած հսկայ պայթումը եկաւ նոր հարուած մը հասցնելու տեղւոյն Հայ համայնքին: Երկու տասնեակ զոհեր, հարիւրաւոր վիրաւորներ, աւերակ դարձած եւ կամ տուժած բնակարաններ, վնասուած եկեղեցիներ, դպրոցներ ու հաստատութիւններ նախահաշիւ մըն է այս, սակայն վերջնական հաշուեկշիռը կը կարօտի տակաւին ժամանակի:

Հակառակ վերջին տասնամեակներուն իր թիւի նօսրացումին, Լիբանանահայ համայնքը կը մնայ սփիւռքի բաբախող սիրտը, որ շունչ կը հայթայթէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Հայկական գաղութներուն՝ ազգային, կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ այլ բնագաւառներէն ներս:

Այս օրերուն, ոմանք կը խօսին, յատկապէս Հայաստանի մէջ, Լիբանանահայութիւնը զանգուածային հայրենիք տեղափոխելու մասին: Նման ծրագիրներ ոչ միայն իրատեսական չեն ու անիրագործելի, այլ եւ վնասակար հայութեան ընդհանրական շահերու տեսանկիւնէն: Լիբանանը, որպէս երկիր տարբեր համայնքներու գոյակցութեան վրայ կառուցուած պետութիւն մըն է, ուր հայութիւնը ունի քաղաքական իր իրաւունքները եւ իւրայատուկ տեղը ու այդպիսով ան կը հանդիսանայ Հայաստանի պահապան թիկունքը՝ Արաբական աշխարհէն ներս: Լիբանանը իր հայութենէն պարպելը կը նպաստէ միայն Թուրքիոյ շահերուն, այն պահուն երբ ան կը ձգտի իր ազդեցութիւնը տարածել այդ տարածաշրջանին վրայ:

Բնականաբար կան ընտանիքներ, որոնք ինքնակամ կը փափաքին տեղափոխուիլ Հայրենիք, որոնց ընդունելու պատրաստութիւն կը յայտնէ Հայաստանի պետութիւնը: Նման պարագաները պէտք է քաջալերել, որպէսզի անոնք փոխանակ եւրոպաներ ու ամերիկաներ գաղթելու հաստատուին հայրենի հողին վրայ:

Անկախ միջազգային կառոյցներու եւ պետութիւններու կողմէ Լիբանան հասնող օժանդակութեան, որմէ մասամբ կրնայ օգտուիլ նաեւ հայութիւնը, մենք որպէս պետութիւն, ժողովուրդ եւ սփիւռքահայութիւն մեր ուսերուն կ՛իյնայ պարտաւորութեան մեծ բաժին: Այս ուղղութեամբ պէտք է կրկնապատկել մեր ջանքերը ու ընել մեր կարելին, կարճ ժամկէտներու մէջ վերականգնելու համար Լիբանանահայ համայնքը, որպէսզի ան վերագտնէ իր նախկին վիճակը եւ շարունակէ իր կարեւոր առաքելութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս:

Այս ուղղութեամբ առաջին նշանները յուսադրող են: Գլխաւորութեամբ Հայաստանի պետութեան, բազմաթիւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ անհատ նուիրատուներ կը փութան նիւթական ու մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել համայնքին: Կարիքները հսկայական են ու կը կարօտին երկարաշունչ աշխատանքի, սակայն վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը պիտի կարողանայ իր մէջ ուժ գտնել յաղթահարելու այս մարտահրաւէրը եւս, զայն նկատելով բոլորիս ազգային արժանապատուութեան հարցը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment