Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ծիծեռնակը Բոյն Կը Շինէ…

Ծիծեռնակը Բոյն Կը Շինէ…

by MassisPost

Հայ գրականութեան իմաստուն այրերէն Ղազարոս Աղայեան 1886-ին կը գրէր «Յիշողութիւն» գողտրիկ քերթուածը, որուն մէջ ծիծեռնակը բոյն կը շինէր. ե՛ւ կը շինէր ե՛ւ կ’երգէր: Քերթուածին սրտառուչութեան, իմաստնութեան ու թելադրականութեան համար ան վերածուած է երգի. եւ ինչպիսի՜ յուզայարոյց եւ սրտագրաւ երգի:

Հայերէն լեզուի դասագիրքերուն եւ երգարաններուն մէջ յաճախ տեղ գրաւած «Յիշողութիւն»ը, անհնար է չյիշել, երբ կը վերաքաղենք մեր վերջին 150-ամեայ պատմութիւնը: Գրող, մանկագիր Ղազարոս Աղայեանի մարմնաւորած ծիծեռնակը, ինչ խօսք, հայ մարդն է, որ ճակատագրուած է միշտ ու միշտ շինելու իր նոր բոյնը: Յիշելով անցեալին կորսնցուցած բոյնը՝ նոր թափով ու եռանդով, հաւատքի անսպառ զօրութեամբ շիւղ առ շիւղ հիւսելու իր նոր օճախը: Հայն ու ծիծեռնակը այս պարագային նոյնացած՝ «այժմ նորից բոյն էր շինում, ե՛ւ շինում էր ե՛ւ երգում»: Իսկ ի՞նչեր են այդ բոյները, եթէ ոչ՝ ընտանեկան երդիքը, բնակարանը, եկեղեցին, ազգային կառոյցները, դպրոցը, դարմանատունը, տպարանը, խորտակուած ներաշխարհը, տիպ ու տառը, գիրքն ու մշակոյթը, երգն ու տաղը, բանն ու բառը:

Պէյրութի նաւահանգիստին սահմռկեցուցիչ պայթումը, վստահաբար, Լիբանանի պատմութեան ամենամռայլ էջը պիտի մնայ: Մարդկային զոհերու, վիրաւորներու, անհետ կորածներու, հաշմանդամներու, աւերածութեան, քանդումներու, անպատսպար եւ անօթեւան ընտանիքներու, փլատակներու, կքած կառոյցներու բեկորներու, փշրուած ապակիներու եւ տանիքներու զահանդական պատկերները շշմեցուցած էին բոլորը: Աղէտ մըն էր որ պլլուեցաւ Պէյրութի ճիտին՝ զայն սպառսպուռ փռելու համար: Խորշակ մըն էր, որ իր համայնակուլ տարողութեամբ հարուածեց բոլորը, բազմապատկելու համար արցունքն ու վիշտը, կսկիծն ու ցաւը հէք լիբանանցիին, որ արդէն կը տուայտէր բազմապիսի տագնապներու սրտակեղեք գալարումներով: Համայնապատկերը սրտաճմլիկ է ու ցաւագին: Նկարագրելը անհնար մինչեւ իսկ: Պատուհասը փոթորկեց մարդոց ողջ էութիւնն ու յուզաշխարհը:

Պակուցիչ աղէտը մի քանի րոպէներու ընթացքին եկաւ, բնաջնջեց ու գնաց: Սակայն՝ մնացին հետքերն ու հետեւանքները:

beirut-8

Այժմ, գլխաւոր հարցումը.- ասկէ ետք ի՞նչ:

Անտարակուսելիօրէն պիտի վերադառնանք Ղ. Աղայեանի կտակած օրինակին, որ հայը բոյն կը շինէր… Քանդուածը յիշելով՝ առանց յուաբեկութեան կը սկսէր նոր բոյնին շինութեան, նոր կտուրին կառուցման:

Ի՜նչ զմայլելի եւ օրինակելի պատկեր է, երբ հայահոծ թաղերու երիտասարդներ, միութենականներ, պատանիներ կը սկսէին դարմանել վէրքերը: Մին աւելը ձեռքին կը մաքրէ եկեղեցւոյ յատակը, միւսը՝ կ’անցնի ակումբին եւ գրասենեակներու մաքրման գործին, անմիջապէս գործի կը լծուին կամաւորներ ամոքելու վիրաւոր սիրտերն ու հոգիները: Հոգեւոր հայրեր, դարմանատուներու, բարեսիրական հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ կը յայտարարեն իրենց վճռակամութեան մասին, աշխատանքով եւ վերականգնումի ոգիով խոցերը սպիացնելու շուրջ: Կը շեշտեն կեանքին վերադառնալու հաստատակամութեան վրայ:

Յստակ է, թէ աղէտեալ Փիւնիկէն փիւնիկի նման կը յառնի մոխրակոյտերու ընդմէջէն: Յոյսի, հաւատքի եւ լաւատեսութեան կարիքը կայ այսօր: Ուսընդուս գործելու պահն է հնչած: Մեղաւորներու եւ պատասխանատուներու հարցը՝ հետագային: Սակայն այսօրուան հրամայականն է՝ վերաշինել մեր բոյները:

beirut-12

Հայ եկեղեցւոյ մէջ, երբ հաւատացեալ բազմութիւնը հաւաքական խոստովանութիւն կը կատարէ եւ միասնաբար կը մրմնջէ «Մեղայ Ամենասուրբ Երրորդութեան» աղօթքը, հոն կը թուէ բազմաթիւ մեղքեր, որոնք կը բարոյազրկեն հաւատացեալ քրիստոնեան: Անոնց շարքին է յուսահատութիւնը, որ մերժուած է եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ, որպէս ծանրակշիռ մեղք: Արտօնուած չէ ըլլալ յուսահատ. ողբալ՝ յուսաբեկօրէն եւ անճրկած՝ հեղձուցիչ պայմաններու դիմաց: Մնալ ընկրկած՝ կորուստներու բեռան տակ:

Ընդհակառակը, վերապրումի ոգին պիտի ըլլայ յաղթական եւ կամքը ապացոյց՝ մահը անգոսնող անվհատութեան:

Ի՜նչ հպարտառիթ զգացում է, երբ կը տեսնենք տխրունիականներ, ՀՄՄ-ականներ եւ համակիր տղաք ու աղջիկներ, մեր կառոյցներուն շուրջ դաստիարակուած փթթող պարմանիներ, որոնք ոգի ի բռին լծուած կը փորձեն վերացնել աւերածութեան հետեւանքներն ու ցաւայուշ բեկորները: Թէպէտ չարաղէտ փորձանքը ափուչիք դարձուց տարիներու վաստակը, ուզեց խորտակել մեր երազն ու երթը, սակայն չհասաւ իր չարագուշակ նպատակին:

Ի զուր չէ, որ սորված ենք ու երգած՝ ծիծեռնակը բոյն կը շինէ, ե՛ւ կը շինէ ե՛ւ կ’երգէ:

Դարձեալ պիտի շինենք մեր բոյները: Հաստատակա՛մօրէն եւ վճռակա՛նօրէն:

«ԱՐԱՐԱՏ»  

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment