Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Մէջ Հայ Երիտասարդի մը Դէմ Ատրպէյճանցիներու Յարձակման Փաստով Կարօ Փայլան Նահանգապետին Հետ Խօսած է

Պոլսոյ Մէջ Հայ Երիտասարդի մը Դէմ Ատրպէյճանցիներու Յարձակման Փաստով Կարօ Փայլան Նահանգապետին Հետ Խօսած է

by MassisPost

Կարօ Փայլան Սթամպուլի Քումքափը թաղամասին մէջ հայ երիտասարդի դէմ ատրպէյճանցիներու յարձակման հետ կապուած հեռախօսազրոյց ունեցած է Սթամպուլի նահանգապետին հետ։

Կարօ Փայլան Twitter–ի իր էջին վրայ գրած  է, որ պէտք է շտապ քայլեր կատարուին հայաստանցիներու դէմ յարձակումները կանխելու համար։ «Պէտք է գտնել այդ յարձակումներուն ետեւը կանգնած ուժերը»,–գրած է Կարօ Փայլան։

Նշենք, որ Սթամպուլի հայկական «Ակօս»–ի հետ զրոյցին, հայաստանցի կին մը պատմած էր, որ Քումքափը թաղամասի մէջ թաքսի նստելու ժամանակ ատրպէյճանցիները մօտեցած եւ Ղարաբաղի հետ կապուած հարցեր տուած են ։ Ան շեշտած է, թէ չնայած իրենք ըսած են, որ քաղաքականութեամբ չեն հետաքրքրուիր, ատրպէյճանցիները յարձակած են իր տղուն վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment