Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իլհամ Ալիեւ Անել Դրութեան Առջեւ

Իլհամ Ալիեւ Անել Դրութեան Առջեւ

by MassisPost

2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ասդին վերջին օրերուն Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի կ՛ունենան ամենէն սաստիկ ռազմական գործողութիւնները: Յուլիս 12-ին, Տաուշի շրջանի դիրքերուն ուղղութեամբ կատարուած ոտնձգութիւնը կասեցուելէ ետք, թշնամին սխալ հաշուարկներ կատարելով սկսաւ ռմբակոծել Հայկական սահմանային կէտերը, որմէ ետք Հայկական Բանակը անձաւ յստակ ու ծրագրաւորուած պատժիչ գործողութիւններու: Արդիւնքը եղաւ այն, որ ատրպէյճանական կողմը ունեցաւ մարդկային, ռազմական եւ հաւանաբար նաեւ դիրքային զգալի կորուստներ:\

Վերջին օրերուն մղուող մարտերու ընթացքին Հայոց Բանակը ոչ միայն կարողացաւ հաստատել օդային հաւասակշռութիւնը, այլ՝ նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնելով չէզոքացուց հակառակորդի ցարդ վայելած առաւելութիւնը: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի կողմէ հայթայթուած անօդաչու թռչող սարքերը (ԱԹՍ) կարողացած էին բաւական ազատ եւ արդիւնաւէտ գործել՝ խլելով մեծ թիւով մարդակային զոհեր: Անցնող չորս տարիներու ընթացքին Հայաստան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց տեղական ԱԹՍ-ներու արտադրութեան վրայ: Այժմ, այդ սարքերը գործադրութեան դրուելով ցոյց կու տան իրենց արդիւնաւէտութիւնը: Աւելին, անխոցելի նկատուող իսրայէլական ԱԹՍ-ներու առասպելը եւս քանդուեցաւ, երբ հայկական բանակը կարողացաւ կործանել այդ սարքերէն առնուազն մէկը: Ընդհանուր արմամբ Ատրպէյճան կորսնցուց 10 նման սարք:

Վերջին իրադարձութիւններ եկան անգամ մը եւս ցոյց տալու Ատրպէյճանի բռնապետ Իրհամ Ալիեւի անկարողութեան աստիճանը: Ինք որ, ամէն օր հանդէս կու գար ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ ու պատերազմի սպառնալիքներ կը հնչեցնէր՝ հողեր ազատագրելու մասին, այժմ ձայնը քաշուած, կը բաւարարուի յոխորտալով, որ մէկ սանթիմեթր հող չեն տուած: Այսպիսով, Ալիեւ կը փորձէ հերթական պարտութիւնը ներկայացնել որպէս յաղթանակ: Սակայն, Ազերի ժողովուրդը անգամ սկսած է կասկածով մօտենալ իր երկրի քաղաքական ու զինուորական ղեկավարութեան մատուցած տեղեկութիւններուն հանդէպ ու այդ բոլորի մասին իր տեսակէտները կը յայտնէ ընկերային ցանցերուն միջոցաւ:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակի շուրջ շահաքրքիր պետութիւնները ու միջազգային կազմակերպութիւնները դարձեալ բաւարարուեցան կողմերուն հանդարտութեան կոչ ուղղելով՝ անտեսելով Պաքուի նախայարձակ գործողութիւնները, որոնք Հայկական կողմին պարտադրած էին դուրս գալ պաշտպանական իրենց դիրքերէն ու սաստելու հակառակորդին:

Սահմանային այս վերջին բախումները կու գան վերահաստատելու որ, ե՛ւ բանակցային սեղանին ե՛ւ ռազմաճակատի վրայ, Հայկական դիրքերը աւելի ու աւելի կ՛ամրապնդուին ու հակառակը պնդողները՝ կ՛ապրին տարբեր մոլորակի վրայ:

Վերջին ամիսներուն կատարուած լայնածաւալ զինավարժութիւնները անգամ օգնութեան հասնիլ Ատրպէյճանի պատերազմական մեքնային: Այս բոլոր իրողութեանց առջեւ Իլհամ Ալիեւին կը մնայ հաշտուիլ գետնի վրայ տիրող ներկայ իրողութեան հետ ու իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ներքին հարցերը լուծելու վրայ, ուր իրեն կը սպասեն տնտեսական խոր տագնապներ, ներքին պառակտումներ եւ դժգոհ զանգուածներ ու դադրի պատերազմի միջոցաւ հարցեր լուծելու իր նկրտումներէն, որոնք աւելի անել վիճակի կրնան մատնել զինք ու երերացող իր վարչակարգը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment