Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Կը Յայտնէ Բարձրաստիճան Զինուորականներու Կարուստի Մասին – Հայկական Կողմը Ունի Չորս Զոհ

Ատրպէյճան Կը Յայտնէ Բարձրաստիճան Զինուորականներու Կարուստի Մասին – Հայկական Կողմը Ունի Չորս Զոհ

by MassisPost

Ատրպէյճանեան ուժերը Կիրակի Յուլիս 12-ին, Տաւուշի կողմէն հայկական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են ու հանդիպելով դիմադրութեան ետ շպրտուած են: Հայկական ուժերը միայն կանխազգուշացնելէ ետք կրակ բացած են արդէն երկրորդ անգամ սահմանը հատել փորձող ուժերուն, իսկ հակառակորդը կորուստներ տալով լքած է շրջանը:

Յաջորդ օրը, հակառակորդը դարձեալ կրակ բացած է Տաւուշի մարզի հայկական սահմանապահ դիրքի ուղղութեամբ: Թշնամին նաեւ կատարած է ներթափանցման փորձ ու կորուստներ կրելով ետ մղուած է: Ատրպէյճանական կողմը հաստատած է չորս զինուորներու մահը:

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար` Շուշան Ստեփանեանի փոխանցումով` Յուլիս 14-ի առաւօտեան Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հարուածային անօդաչու սարքով թիրախաւորած էին Բերդի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: Բերդի հրետակոծութեան վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ` Աննա Նաղտալեան, նշելով.- «Հայաստանի քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս յարձակողական գործողութիւնները ստանալու են իրենց համարժէք պատասխանը, որի ողջ պատասխանատուութիւնը կրում է ատրպէյճանական կողմը»:

martyrs

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է չորս զինծառայողներու զոհուելու մասին: Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար` Շուշան Ստեփանեանի փոխանցումով` հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածը հակառակորդի արձակած կրակէն մահացու վիրաւորում ստացած են զինծառայողներ աւագ գնդապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեանը, Սոս Փայլակի Էլբակեանը եւ ժամկէտային ծառայողներ` Սրբատ Գէորգի Գաբրիէլեանը եւ Գրիշա Վահանի Մաթեւոսեանը:

Յուլիս 14-ին, Ատրպէյճանը հաղորդած է իր բարձրաստիճան զինուորականներու սպանուելու մասին: Օրուայ առաջին կէսին, Թովուզ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխ նախարար՝ Քերիմ Վելիեւը յայտնեց, որ հայկական զինուած ուժերուն հետ մարտերու ժամանակ զոհուած է Հայաստանի Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ դիրքաւորուած Ատրպէյճանի երրորդ բանակային ջոկատի շտաբի պետ, զօրաբաժնի պետ զօրավար Փոլատ Հաշիմովը, նոյն ջոկատի հրետանիի պետ, գնդապետ Իլկար Միրզոեւը ու եւս հինգ զինծառայողներ` երկու հազարապետ, երկու ենթասպայ եւ մէկ զինուոր: Այսօր Ատրպէյճանը յայտնած է նաեւ Թովուզի շրջանի Աղտամ գիւղի խաղաղ բնակիչի զոհուելուն մասին: Ըստ հաղորդագրութեանշ 1944 թուականի ծնունդ Ազիզ Իզաաթ Ազիզովը զոհուած է հայկական կողմի հրետակոծութեան հետեւանքով: Այսպիսով, Ատրպէյճանը հաստատած է իր 12 զոհերու ու 4 վիրաւորներու մասին:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ նախկին խօսնակ, ներկայիս Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի հրամանատարա շտաբային ֆակուլտետի ղեկավար՝ Արծրուն Յովհաննիսեան Տաւուշի սահմանի իրադարձութիւններու առնչութեամբ յայտնած է, որ առաջին անգամ մարտական գործողութիւններու մէջ կիրառուած են հայկական արտադրութեան հարուածային անօդաչուներ:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշած էր, որ ըստ ամենայնի անոնք կիրառուած են բաւականին արդիւնաւէտ եւ այդ արդիւնքն է նաեւ Ատրպէյճանի 3-րդ բանակային ջոկատի հրամանատարներու ոչնչացումը:
Գործնականօրէն, Տաւուշի սահմանին վրայ ծաւալող իրադարձութիւնները ոչ միայն հայկական ռազմական մտքի, մարտավարութեան ու ռազմավարութեան, կամքի ու խիզախութեան, այլ նաեւ հայկական ռազմարդիւնաբերութեան հիանալի դրսեւորում են:

Զինուժի մամուլը հրապարակած է Տաւուշի մէջ Ատրպէյճանական զօրքերու՝ իսրայէլական արտադրութեան «Elbit Hermes 900» ԱԹՍ-ի խոցման տեսանիւթը: ՊՆ նախկին խօսնակ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով՝ «երեւի սա Hermes 900 ի առաջին խոցումն է նաեւ աշխարհում»:

Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով խօսնակ՝ Փիթըր Սթանոն, հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ: Սթանոն նշած է, որ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը հաղորդած են սահմանին վրայ զէնքի կիրառմամբ լուրջ միջադէպերու մասին, որ, ցաւօք, յանգեցուցած է մարդկային կորուստներու:

ԵՄ-ը երկու կողմերուն կոչ ըրած է դադրեցնելու զինուած դիմակայութիւնը, ձեռնպահ մնալու լարուածութիւն հրահրող գործողութիւններէն եւ հռետորաբանութենէն եւ ձեռնարկելու անյապաղ միջոցներ հետագայ մագլցումը կանխելու համար:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի սրման կապակցութեամբ եւ հակամարտութեան կողմերուն զսպուածութեան ու հրադադարի կանոնի պահպանման կոչ ըրած է:

«Ռուսաստանի ԱԳՆ-ը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ սոյն թուականի Յուլիսի 12-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրման կապակցութեամբ: Անթոյլատրելի կը համարենք հետագայ մագլցումը, որ կը սպառնայ տարածաշրջանի անվտանգութեան: Կոչ կ’ընենք հակամարտող կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խստօրէն հետեւելու հրադադարի ռեժիմին», – ըսուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կայքը տեղադրուած յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment