Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանի Մէջ Նշուեցաւ Հնչակեան Քսաններու Անմահութեան 105-Ամեակը

Լիբանանի Մէջ Նշուեցաւ Հնչակեան Քսաններու Անմահութեան 105-Ամեակը

by MassisPost

Հակառակ ընդհանրապէս աշխարհին եւ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ տիրող արտակարգ պայմաններուն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը` իր Լիբանանի շրջանի ղեկավարութեամբ եւ միաւորներով, Կիրակի, 14 Յունիսին, ոգեկոչեց կուսակցութեան քսան ղեկավարներու կախաղանի վրայ նահատակութեան 105-րդ տարելիցը: Նկատի առնելով Լիբանանի մէջ յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը, ոգեկոչումի սեղմ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Բ.Մ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի շրջափակին ու «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ սահմանափակ թիւով հրաւիրեալներու, միաժամանակ գոլէճի շրջափակին ու հանդիսութեան սրահին մէջ յարգելով հակահամաճարակային քայլերը: Ոգեկոչումի հանդիսութիւնը նաեւ հանրութեան համար ուղիղ սփռուեցաւ կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Ֆէյսպուքի պաշտօնական էջին վրայ:

PHOTO-2020-06-15-03-27-55

Փարամազի կիսանդրիին շուրջ նախ հոգեհանգստեան արարողութիւնը մատուցեցին Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ եւ Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն հետ, ներկայութեամբ Պէյրութի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ու ՀՀ դիւանագիտական առաքելութեան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի, Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ Արամ Մալեանի, Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարութեան, մասնաճիւղերու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն: ՀՄՄ Պէյրութի փողերախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Փարամազի կիսանդրիին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՀ դեսպանութեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի, ՀԿԲՄ-ի, ՀՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան, ՀՄՄ Պէյրութ, Անթիլիաս, Թոմարզա եւ Ճիւնի մասնաճիւղերու, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի մասնաճիւղերու, ՆՍՄՄ-ի եւ «Տխրունի» Ուս. Երիտ. Միութեան անունով, ՀՄՄ Պէյրութի փողերախումբի նուագած սգոյ երաժշտութեան ներքոյ:

PHOTO-2020-06-15-03-27-56Ս.Դ.Հ.Կ. «Տխրունի» Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան վարչութեան անդամ Ընկ. Յակոբ Քէօշկէրեան արտասանեց բացման խօսքը եւ վարեց յայտագիրը: Ան նշեց, որ պատմութիւնները կը գրուին ժողովուրդներու սխրագործութիւններուն զուգընթաց, իսկ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական եւ ինքնորոշման պայքարի ժամանակագրութիւնը հերոսապատումներու մատեան մըն է, որուն ոսկետառ եւ փայլուն էջերէն մէկուն մէջ գրուած է Փարամազին ու իր 19 ընկերներուն մարտիրոսութեան դիւցազնապատումը: «Հետեւաբար, անոնց յիշատակը ոգեկոչելով մենք կը հաղորդուինք անոնց ձգած պատգամներով եւ կը վերանորոգենք մեր ուխտը», ըսաւ Ընկ. Յակոբ Քէօշկէրեան:

ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի ուղերձը արտասանեց Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան: Ներկայացնելէ ետք Քսաններու գաղափարախօսութիւնն ու նահատակութեան պատգամը, Ընկ. Գալփաքեան նշեց, որ այս դաժան օրերուն մենք շատ սորվելիք ունինք նահատակներէն ու անոնց պայքարի ոգիէն: Ան հեռատեսութիւնը համարեց Քսաններուն գլխաւոր արժանիքը, ապա անդրադարձաւ Լիբանանի ու Հայաստանի դիմագրաւած նորօրեայ մարտահրաւէրներուն: Ընկ. Գալփաքեան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ բիւրեղացնելու իսկական միասնականութեան, որովհետեւ նաւուն հաւանական խորտակումէն պիտի տուժեն բոլորը անխտիր: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը ունի Հայաստանի զարգացումի վերջին առիթ մը, որ պէտք չէ կորսնցնել` պահպանելու արդար ժողովրդավարութիւնը, Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը:

PHOTO-2020-06-15-03-32-44Ապա, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն Ընկ.հի Անի Եփրեմեան ապրումով արտասանեց Քսաններուն նուիրուած ասմունք մը:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան մէկ կողմէ խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած առցանց քննարկումի մը մասին, որուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը համարուած էր երկրի մշակութային եւ պատմական հարստութեան կորուստ, միւս կողմէ անդրադարձաւ լիբանանեան փողոցներու վրայ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հակահայկական ցուցադրական գործողութիւններուն, զանոնք համարելով ոչ թէ պատահականութիւն, այլª Թուրքիոյ նոր օսմանական ծաւալապաշտական քաղաքականութեամբ իսլամական աշխարհի առաջնորդը դառնալու արտայայտութիւն մը եւս: Ան զգուշացուց արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ Թուրքիոյ բացայայտ միջամտութենէն` ներառեալ զինուորական:

PHOTO-2020-06-15-03-32-65Գեղարուեստական բաժնով, Ընկ. Յովիկ Թաֆրանեան հանդէս եկաւ ազգային եւ կուսակցական երգերու փունջով մը:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ յատկապէս այս օրերուն պէտք է յիշենք մեր հերոսները եւ իրենց կեանքի օրինակը դարձնենք մերը, որպէսզի մենք եւս դժուարութիւններուն մէջ չզոհենք այն, ինչ որ իրենք կեանքի գնով պաշտպանեցին: Ան կոչ ուղղեց քաջութեան, որպէսզի մեր կեանքի նաւը չընկղմի: «Անդրադառնալ Քսաններուն կը նշանակէ յիշել, որ կեանքի մէջ կան արժէքներ, որոնց համար պէտք է պայքարինք, իսկ այդ արժէքներուն գագաթը մեր հայրենիքն է», ըսաւ սրբազան հայրը եւ «Պահպանիչ»ով փակեց իր պատգամը:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները երգեցին «Ուխտի Հրաւէր»ը:

PHOTO-2020-06-15-03-32-02

PHOTO-2020-06-15-03-32-03

PHOTO-2020-06-15-03-32-02 (1)

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment