Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազը Ծառուկեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումի Միջնորդութիւն Ներկայացուցած է ԱԺ

Դատախազը Ծառուկեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումի Միջնորդութիւն Ներկայացուցած է ԱԺ

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան միջնորդութիւն ներկայացուցած է Ազգային ժողովին, պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու, վերջինիս որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու եւ մեղադրանք առաջադրելու, ինչպէս նաեւ զինք ազատութենէն զրկելու վերաբերեալ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ դատախազութիւնը։

«Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքում 2020 թուականի փետրուարի 1-ին յարուցուած եւ վարոյթում քննուող քրէական գործի նախաքննութեամբ ձեռք է բերուել բաւարար ապացոյցների համակցութիւն, որով հիմնաւորուում է, որ Գագիկ Ծառուկեանը, հանդիսանալով «Ծառուկեան» կուսակցութիւնների դաշինքի ղեկավար եւ դրա կազմում ընդգրկուած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, ՀՀ ազգային ժողովի 2017 թուականի ապրիլի 2-ի ընտրութիւններին իր ղեկավարութեամբ գործող կուսակցութիւնների դաշինքի եւ ընտրական ցուցակներում ընդգրկուած թեկնածուների օգտին քուէարկելու համար ընտրողներին կաշառք տալու նպատակով, ընտրութիւններին նախորդող ժամանակահատուածում ստեղծել եւ ղեկավարել է կազմակերպուած խումբ, որի կազմում ընդգրկել է «Ծառուկեան» կուսակցութիւնների դաշինքի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կենտրոնական եւ տարածքային մարմինների աշխատակիցների եւ այլ անձանց»,- ըսուած է դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ուստի, կազմակերպուած խումբին համակարգ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը ապահովելու նպատակով, գործարկուած է ֆինանսական միջոցներու տնօրինման եւ կազմակերպուած խումբի անդամներու գործունէութեան վերահսկման համակարգ, կազմուած են հաշուետուութիւններ, ուր արտացոլուած են տրամադրուած ֆինանսական միջոցները, անոնց հաշւոյն կատարուելիք կամ կատարուած ծախսերը, իսկ ընտրողներուն տրուած կաշառքի վերաբերեալ կազմուած ցուցակներուն մէջ նշուած են անոնց անուն ազգանունները, անձնագրային տուեալները, ընտանիքի անդամներուն թիւը եւ անոր համապատասխան տրամադրուող գումարը՝ իւրաքանչիւր անձին 10 հազար դրամ։

Կազմակերպուած խումբի կազմի անձերու միջոցով ընտրութիւններուն նախորդող ժամանակամիջոցին, Գագիկ Ծառուկեանի եւ կազմակերպուած խումբի կազմի անձերու կողմէն տրամադրուած միջոցներու հաշւոյն, ըստ դատախազութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու դաշինքին եւ անոր կողմէ առաջադրուած թեկնածուի օգտին քուէարկելու համար, Գեղարքունիքի մարզի տարածքի ընտրողներուն 17194 քուէի համար տրուած է ընդհանուր 171 միլիոն 940 հազար դրամ կաշառք։

Նկատի ունենալով, որ քրէական գործով ձեռք բերուած ապացոյցներու համակցութիւնը բաւարար հիմք կու տայ պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանին սոյն գործով ներգրաւելու որպէս մեղադրեալ եւ մեղադրանք առաջադրելու ԱԺ ընտրութիւններուն մասնակցած «Ծառուկեան» կուսակցութիւններու դաշինքի եւ անոր կողմէ առաջադրուած թեկնածուի օգտին քուէարկելու համար ընտրողներուն կաշառք տալը կազմակերպելու համար, գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան դիմած է Ազգային Ժողովին, համաձայնութիւն տալու Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն, վերջինիս որպէս մեղադրեալ ներգրաւելուն եւ մեղադրանք առաջադրելուն, ինչպէս նաեւ զինք ազատութենէն զրկելուն:

Յիշեցնենք, որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Յունիս 14-ի առաւօտեան խուզարկութիւն կատարեց ԲՀԿ (Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւն) խմբակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի առանձնատունը: Այնուհետեւ Ծառուկեան, տան դիմաց հաւաքուողներուն յայտարարեց, թէ իր նկատմամբ քաղաքական ճնշման փորձ կը կատարուի, եւ որ «ամէն ինչ սարքած է», աւելցնելով, որ ինքը կ’երթայ հարցաքննութեան: ԱԱԾ-ի դիմաց հաւաքուած էին ԲՀԿ-ական պատգամաւորները եւ մարդիկ, որոնք Ծառուկեանի աջակիցներն են: Մօտ 10 ժամ տեւող հարցաքննութենէն յետոյ, Ծառուկեան դուրս ելաւ ԱԱԾ-էն, պնդելով, որ իր նկատմամբ քաղաքական հետապնդում տեղի կ’ունենայ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Գագիկ Ծառուկեանին առնչուող, միեւնոյն ատեն երեք տարբեր քրէական գործեր յարուցած է ։ Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Ծառուկեանին պատկանող «Շանկրի Լա» խաղատան։ Ըստ ԱԱԾ-ի` խաղատունը աշխատած է առանց արտօնագրի, որու հետեւանքով պետութեան պատճառած է առանձնապէս խոշոր չափերու՝ մօտ 60 միլիոն տոլարի վնաս, բացի այդ՝ չեն կատարուած 40 միլիառ դրամ ներդրումներ։ 2-րդ քրէական գործը կը վերաբերի 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին կաշառք բաժնելու դէպքերուն։ Ըստ ԱԱԾ-ի՝ անոր մէջ ներգրաւուած եղած են ԲՀԿ ղեկավար կազմն ու կուսակցութեան անդամները: 3-րդ քրէական գործն ալ կը վերաբերի Առինջ համայնքի պաշտօնեաներուն, որոնք, ըստ ԱԱԾ-ի, ապօրինի վարձակալութեամբ տրամադրուած 7,5 հա գիւղատնտեսական հողատարածքի վրայ ապօրինի կառոյցներ օրինականացուցած, յետոյ ալ հողատարածքը ապօրինի կերպով փոխանցած էին Ծառուկեանին պատկանող ընկերութեան, պետութեան պատճառելով մեծ վնասներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment