Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ եւ Արցախի Ղեկավարները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Սարդարապատի Ճակատամարտի Հերոսներու Յիշատակին

ՀՀ եւ Արցախի Ղեկավարները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Սարդարապատի Ճակատամարտի Հերոսներու Յիշատակին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ հոգեւոր դասը յարգանքի տուրք մատուցեցին Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակին: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ Հանրապետութեան օրուան եւ 1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտին նուիրուած պաշտօնական միջոցառումին մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ-ն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանը:

sartarabad-2

Պետական այրերը նախ ծաղկեպսակներ տեղադրեցին Սարդարապատի յուշահամալիրի մօտ, ապա յարգանքի տուրքի մատուցման արարողութիւն ուղեկցուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

«Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած, այս տարի Մայիս 28-ին արգիլուած էր քաղաքացիներու մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment