Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրը Եւ Թրամփի Անպատասխանատու Վերաբերմունքը

«Քորոնա» Ժահրը Եւ Թրամփի Անպատասխանատու Վերաբերմունքը

by MassisPost

Շաբաթներէ ի վեր ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է «Քորոնա» ժահրի վրայ, որ Չինաստանի Ուհան շրջանէն սկիզբ առնելէ ետք տարածուեցաւ երկիրէ-երկիր: Երկրագունդի աւելի քան հարիւր երկիրներուն մէջ, 110 հազարէ աւելի մարդիկ վարակուած են այդ հիւանդութեամբ, որ մինչեւ օրս խլած է աւելի քան չորս հազար մարդու կեանք: Այս թիւերը կը շարունակէ բարձրանալ՝ Չինաստանէն դուրս ամենէն աւելի հարուածելով Իտալիան ու Իրանը:

Հայաստանի մէջ բարեբախտաբար արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրի մէկ դէպք՝ Իրանէն հայրենիք վերադարձած տղամարդու մօտ, որ արդէն բուժման տակ է:

Ուշացումով, սակայն «Քորոնա» ժահրը հասաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր մտահոգ ժողովուրդը սկսաւ նայիլ իր նախագահին, որպէսզի ստանայ հաւաստիացումներ եւ կանխարգելման մասին տեղեկութիւններ: Դժբախտաբար սակայն, Տանոլտ Թրամփ օրեր շարունակ փորձեց նուազեցնել վարակման դէպքերու մասին թիւերը, ժողովուրդին տալով սխալ ցուցմունքներ ու տեղեկութիւններ, հակասելով նոյնիսկ իր կողքին կանգնած առողջապահութեան եւ վարակներու մասնագէտներու սպասուող համաճարակի անխուսափելիութեան մասին զգուշացումները:

Վերջին տուեալներու համաձայն Ամերիկայի տարածքին վարակուած անհատներու թիւը կը հասնի 800-ի, իսկ մահուան դէպքերը 30-ի: Մասնագէտներու կարծիքով այս թիւերը յառաջիկայ օրերուն ենթակայ են աւելի բարձրանալու:

Թրամփ չվարանեցաւ հիւանդութիւնը կոչելու «խաբէութիւն», մեղադրելով դեմոկրատներուն, նախկին նախագահ Օպամային եւ լրատուամիջոցներուն, որոնք, ըստ իրեն, կը չափազանցեն «Քորոնա» ժահրի մասին տեղեկութիւնները, ժողովուրդի մօտ խուճապ ստեղծելու նպատակով:

Տանոլտ Թրամփի խօսքերը դադրած են վստահութիւն ներշնչելու ժողովուրդին մօտ, նկատի ունենալով որ, ան իր պաշտօնավարման առաջին երեք տարիներուն 15 հազար հրապարակային սուտեր խօսած է ու կարելի չէ վստահիլ անոր տուած տեղեկութիւններուն:

Թրամփի «խաբէութիւն» կոչածը վերջին օրերուն հասաւ նաեւ իր շրջապատին: Պահպանողականներու տարեկան համագումարի մասնակիցներէն մէկուն մօտ յայտնաբերուեցաւ վարակում: Այդ անձը մօտ շփումներ ունեցած է Հանրապետական մի քանի գոնկրէսականներու հետ, որոնք իրենց կարգին շփուած են Թրամփի հետ: Այդ գոնկրէսականները արդէն իսկ դիմած են ինքնամեկուսացման:

«Քորոնա» ժահրի պատճառաւ մեծ կորուստներու կ՛ենթարկուի նաեւ բաժնետոմսերու շուկան եւ հետեւաբար երկրի տնտեսութիւնը: Թրամփ կը դիմագրաւէ իր նախագահութեան ամենէն մեծ տագնապը, որ կրնայ մեծապէս վտանգել անոր վերընտրութիւնը՝ յառաջիկայ Նոյեմբերին: Հիւանդութիւնը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ երկրի նախագահը իրականութեան հետ ունի լուրջ խնդիրներ: Ան առաջնորդուելով իր եսակեդրոն քաղաքական հաշիւներով ու անպատասխանատու ելոյթներով պատրաստ է զոհելու Ամերիկայի ժողովուրդի առողջութիւնն ու կեանքին սպառնացող վտանգները:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment