Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հանդիպում Կլէնտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի Թեկնածու Վարդան Կարապետեանի Հետ

Հանդիպում Կլէնտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի Թեկնածու Վարդան Կարապետեանի Հետ

by MassisPost

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի (ACA) կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Յունուար 26-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ծանօթացման հանդիպում` Կլէնտէլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ վերընտրութեան թեկնածո` Վարդան Կարապետեանի հետ:

Ընդունելութիւնը իրենց գեղատեսիլ տան մէջ հիւրընկալած էին Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Անի Պէքարեանները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԱԽ-ի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան, յայտնելով որ, որոշած են զօրակցիլ Վարդան Կարապետեանի վերընտրութեան, նկատի ունենալով նախորդ շրջանին անոր դրական գործունէութիւնը յօգուտ քաղաքին ու անոր Հայ եւ օտար բնակչութեան: Ան կոչ ըրաւ բոլորին` մասնակցելու Մարտի 3-ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ու քուէարկելու Վարդան Կարապետեանին:

Ապա խօսք առաւ ՍԴՀԿ Կլէնտէլի «Արսէն Կիտուր» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան: Ան անդրադարձաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամի եւ քաղաքապետի պաշտօնը վարելու ընթացքին Վարդան Կարապետեանի մօտեցումներուն ու վերաբերմունքին, յայտնելով որ, ան միշտ սերտ գործակցութիւն ունեցած է համայնքէն ներս գործող բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն հետ անխտիր, ու նաեւ տարբեր առիթներով խորհրդակցած է ու նկատի առած է ՍԴՀԿ-ի տեսակէտները տարբեր հարցերու շուրջ:

Վարդան Կարապետեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ ներկայացուց անցնող չորս տարուայ ընթացքին իր իրագործումները եւ արձանագրած արդիւնքները, որոնց շնորհիւ Կլէնտէլը դարձած է աւելի ապահով ու կենսունակ քաղաք մը շրջանի բնակչութեան համար: Ան անդրադարձաւ նաեւ իր ապագայ ծրագիրներուն՝ յատկապէս կարիքաւոր խաւին եւ երէցներուն մատչելի գիներով բնակարաններ ապահովելու աշխատանքներուն: Պր. Կարապետեան նաեւ յայտնեց որ, ունի մէկ այլ կարեւոր ծրագիր, որ կը վերաբերի երիտասարդական հսկայ կեդրոնի կառուցման վերաբերեալ՝ տարբեր մարզաձեւերու խաղադաշտերով եւ լողաւազաններով:

Վարդան Կարապետեան վերահաստատեց իր ընդդիմութիւնը Կլէնտելէն ներս «մարիուանա» թմրանիւթի վաճառքը արտօնելու առաջարկներուն:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Իրանահայ Միութեան երկարամեայ ղեկավար եւ համայնքի ծանօթ ազգային գործիչ, Թոմիկ Ալեքսանեան: Ան յայտնեց, որ Վարդան Կարապետեանին ճանչցած է երկար տարիներ երբ ան երիտասարդ տարիքէն գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Ւրանահայ Միութեան աշխատանքներուն մէջ, եղած է անոր ղեկավարութեան մէջ եւ միշտ սատարած է հայապահպանման աշխատանքներուն: Ան կոչ ըրաւ բոլոր միջոցներով զօրակցելու Վարդան Կարապետեանի թեկնածութեան ու յաջողութեան:

Յայտնենք որ, հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վարդան Կարապետեանի տիկինը՝ Տօքթ. Արմինէ Կարապետեան, որ ինք եւս ընտրուած անդամ է Կլէնտէլի Ուսումնական Խորհուրդին:

Երեկոյի պաշտօնական բաժնի աւարտին ներկաները առիթ ունեցան զրուցելու թեկնածուին հետ ու հարցեր ուղղելու քաղաքի հետ կապուած տարբեր խնդիրներու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment