Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Ակօս» Թերթի Խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանի Մամլոյ Ասուլիսը Լոս Անճելոսի Մէջ

«Ակօս» Թերթի Խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանի Մամլոյ Ասուլիսը Լոս Անճելոսի Մէջ

by MassisPost

Կիրակի, Յունուար 19-ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայկական բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանի մամլոյ ասուլիսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ու Էսթուքեանի կենսագրական գիծերը ներկայացուց Պոլսահայ Միութեան ղեկավարներէն Տոքթ. Յովհաննէս Քուլակ:

Պր. Էսթուքեան իր ներածական խօսքին մէջ անդրադառնալով «Ակօս»-ի աշխատանքներուն, յայտնեց որ թերթը իւրայատուկ երեւոյթ մը եղաւ Հայ լրագրութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ անոր պաշտօնական լեզուն թրքերէն է եւ միայն չորս էջեր լոյս կը տեսնեն հայերէնով: Ըստ խմբագրի, թրքերէն լեզուով հայկական թերթ հրատարակելը դարձած էր անհրաժեշտութիւն, նկատի ունենալով որ Թուրքիոյ հայութեան կարեւոր մէկ մասը դադրած է հայախօսութենէ եւ զուրկ է հայերէն ընթերցելու կարողութենէն: Այս իրողութենէն մեկնելով, Հրանդ Տինք 1996 թուականին որոշեց հրատարակել «Ակօս»-ը, բաւարարելու համար հայութեամբ հետաքրքրուողներու պահանջը:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, «Ակօս»-ի խմբագիրը յայտնեց թէ, իրենք եւս համաձայն էին թրքական խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանի տեսակէտին հետ, որ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւնը պէտք չէր կայանար թրքական կառավարութեան պարտադրած պայմաններով, որու հետեւանքով շարք մը արժանաւոր եկեղեցականներ զրկուեցան ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն: Սակայն, այն համաձայն չգտնուեցաւ այն տեսակէտին հետ որ, պէտք չէ ընդունիլ նորընտիր պատրիարքը: «Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, մենք չենք կրնար անտեսել 13 հազար ժողովուրդի տեսակէտը, որոնք եկած էին մասնակցելու ընտրութիւններու», ըսաւ Էսթուքեան:

Գաւառներու մէջ ապրող իսլամացած հայերու իրենց արմատներուն վերադառնալու մասին խօսելով Էսթուքեան յայտնեց, որ կողմնակից է, որպէսզի ցանկութիւն ունեցողներու խնդրանքը բաւարարուի եւ ինք անձնապէս կնքահայր եղած է մօտ 15 հոգիներու, որոնք մկրտուած են որպէս հայ: Ան սակայն ըսաւ, որ կան կարգ մը եկեղեցական եւ աշխարհական շրջանակներ, իւրաքանչիւրը տարբեր պատճառաբանութեամբ, որոնք կ՛ընդդիմանան ընդունիլ իրենց ինքնութեան վերադառնալու ցանկութիւն յայտնողներու դիմումներուն ընդառաջել եւ կամ անոնց կը պարտադրեն կրօնական երկարատեւ դասընթացքներ: «Մեզի համար այս պարագան ազգային հարց է, իսկ եկեղեցին անոր կը մօտենայ կրօնական տեսանկիւնէ», ըսաւ «Ակօսի» խմբագիրը:

Բագրատ Էսթուքեան նաեւ տեղեկացուց, որ ներկայիս Պոլսոյ մէջ կը գործեն հայկական 15 դպրոցներ, որոնք կը հետեւին թրքական կրթական ծրագիրներուն: Ասոնց կողքին կայ նաեւ մէկ հայկական դպրոց, ուր կը յաճախեն ընդհանրապէս Հայաստանէն հոն հաստատուած ընտանիքներու զաւակներ, թիւով շուրջ 150 ուսանող: Այս դպրոցէն ներս կը դասաւանդուի Հայաստանի կրթական նախարարութեան ուսումնական ծրագիրը եւ աշակերտները աւարտելէ ետք, կը մեկնին Հայրենիք եւ հոն կը յանձնեն իրենց աւարտական քննութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment