Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքերու Ռազմական Գործողութիւնը Փայլանը Որակած Է Տեղահանութիւն Եւ Ցեղասպանութեան Փորձ

Թուրքերու Ռազմական Գործողութիւնը Փայլանը Որակած Է Տեղահանութիւն Եւ Ցեղասպանութեան Փորձ

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) Տիարպէքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը խորհրդարանի լիագումար նիստին անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը իրականացուող «խաղաղութեան ակունք» ռազմական գործողութեան:

Փայլանը նշած է, որ այն, ինչ կ’ընէ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ, տեղահանութիւն է եւ ցեղասպանութեան փորձ՝ ըստ ՄԱԿ-ի սահմանումներու:

«Ժողովրդագրութեան հետ խաղալը յանցանք է: Իսրայէլն ալ նոյն փաստարկներով կը զաւթէ Պաղեստինի տարածքները»,-ըսած է Փայլանը:

Փայլանի այս ելոյթը բուռն քննարկումներու տեղիք տուած է խորհրդարանի իշխող կուսակցութեան եւ վերջինիս հետ դաշինք կազմած աջակողմեան «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP-ԱՇԿ), ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր ազգայնական «Լաւ» կուսակցութեան խմբակցութիւններուն մօտ:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Օզլեմ Զենկինը Թուրքիոյ ռազմագործողութեան եւ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի գրաւման միջեւ համեմատութիւն ընելու համար խստօրէն դատապարտած է Փայլանի ելոյթը:

Անոր խօսքով` տարածաշրջանը նման վիճակի յանգեցուցած է «Քիւրտիստանի բանուորական» կուսակցութիւնը: Ինչ կը վերաբերի հայ պատգամաւորի կողմէ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնը ցեղասպանութեան փորձ որակման, ապա Զենկինը ըսած է. «Ցեղասպանութիւնը այս երկրի բնակիչի համար ամենածանր խօսքն է, որ կրնայ օգտագործուիլ: Այս ըրածդ կը կոչուի պառակտութիւն, անարդարութիւն մի ընէք այս ազգի հանդէպ»:

Կարօ Փայլանի խօսքերը ամենակոշտը քննադատած է մեճլիսի «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Էրքան Աքչայը:

«Անեծք այդ խօսքերուն: Թուրքիան իր պայքարը տարածաշրջանի խաղաղութեան, Սուրիոյ հիւսիսը բնակող մարդոց բարօրութեան եւ անվտանգութեան համար կը մղէ»,-ըսած է Աքչայը:

Ազգայնական «Լաւ» (İyi)  կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարը Փայլանի ելոյթի վերաբերեալ ըսած է, որ կը դատապարտէ խորդհրդարանական ամպիոնէն նմանատիպ արտայայտութիւններու օգտագործումը:

Ի պատասխան ելոյթի քննադատութիւններուն` գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP-ԺՀԿ) խմբակցութեան ղեկավար Էնկին Ալթայը արձագանգած է. «Փայլանի որոշ խօսքեր չեմ ընդունիր, բայց կան բաներ, որ շատ ճիշդ ըսուած են: Սակայն եթէ սա խորհրդարան է եւ արտայայտուելու վայր է, ապա բոլորը ազատ պիտի արտայայտեն իրենց միտքերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment