Կարէն Յովհաննիսեանի պատրաստած ֆիլմի ցուցադրութեան ներկայ էին Հայաստանի առաջին տիկին՝ Աննա Յակոբեան, Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Անահիտ Յարութիւնեան, ֆիլմի համա-արտադրիչ, յայտնի երգիչ Սերժ Թանքեան եւ Գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Կարէն Յովհաննիսեանի ֆիլմը կը պատմէ թաւշեայ յեղափոխութեան ամբողջ ընթացքը, երբ Նիկոլ Փաշինեան իր խումբ մը համախոհներով սկսաւ իր քայլարշաւը Կումրիէն դէպի Երեւան, որու աւարտին Սերժ Սարգսեան ժողովրդային ճնշումի տակ ստիպուած եղաւ ներկայացնելու իր հրաժարականը:
Ֆիլմին ընթացքին կը խօսին յեղափոխութեան տարբեր կողմերը ներկայացնող գործիչներ, որոնց շարքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու նաեւ անակնկալօրէն՝ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան: