Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Խիստ Հայակեդրոն է. Զոհրապ Մնացականեան

Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Խիստ Հայակեդրոն է. Զոհրապ Մնացականեան

by MassisPost

Հայաստանը արտաքին քաղաքականութիւն վարելու ժամանակ չի յարիր որեւէ ուղղութեան: Այս մասին Մարշալի հիմնադրամի աւագ հետազօտող Ճոնաթան Քացին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը՝ անդրադառնալով թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու վերաբերեալ հարցին:

«Ես կարծում եմ՝ մեր առջեւ դրուած ամենամեծ մարտահրաւէրը, ամենակարեւոր առաջնահերթութիւնը յստակ պարզաբանելն էր, որ Հայաստանում տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը վերաբերում է միայն Հայաստանին, եւ այն բացառապէս ներքին խնդիր էր: Պարզաբանել, որ այն շատ կարեւոր զարգացում էր Հայաստանում՝ հայերի համար՝ ուղղուած հանրային կառոյցների, ժողովրդավարական հաստատութիւնների ամրապնդմանը՝ ժողովրդին եւ տնտեսութեանը, ազգային անվտանգութեան օրակարգին, ժողովրդավարական հաստատութիւնների միջոցով կայունութեան նպատակներին աւելի լաւ ծառայելու համար»,- նշած է Մնացականեանը:

Նախարարի խօսքով՝ ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը շատ զգուշօրէն կառուցուած է՝ ամրապնդելու ազգային անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը Հայաստանի հիմնական գործընկերներու՝ Ռուսաստանի, Եւրոպական միութեան եւ ԱՄՆ-ի հետ ներգրաւուածութեամբ:

«Մենք արկածախնդիր չենք, որպէսզի վտանգ ստեղծենք՝ նաւակը ճոճելով այն աստիճանի, որ խարխլուէին Թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակները եւ խաթարուի ժողովրդի անվտանգութիւնը: Մենք այս կամ այն ուղղութեան չենք յարում: Մենք խիստ հայամէտ ենք, եւ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը նոյնպէս խիստ հայակեդրոն է: Այս շրջանակներում, ռազմավարական մօտեցման միջոցով, մենք զգուշօրէն կառուցել ենք ազգային անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը, որի կարեւորագոյն մասն է արտաքին քաղաքականութիւնը, եւ որի շրջանակներում մեր գործընկերներից իւրաքանչիւրի հետ ամուր յարաբերութիւններն իրենց ուրոյն տեղն ունեն  մեր ազգային անվտանգութեանը իւրովի նպաստելու գործում»,- յայտնած է նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment