Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքի Ընտրութիւնը Ոիտի Կազմակերպէ Արամ Արք. Աթէշեան

Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքի Ընտրութիւնը Ոիտի Կազմակերպէ Արամ Արք. Աթէշեան

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Հոգեւոր խորհուրդը որոշում կայացուցած է նոր պատրիարքի ընտրութեան երթալ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ղեկավարութեամբ:

Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի մահուան առիթով յայտարարուած 40-օրեայ սուգէն ետք նախօրէին գումարուած առաջին ժողովի ընթացքին քուէարկութեան դրուած է հետեւեալ հարցը՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը համակարգել փոխանորդի՞ միջոցով, թէ՞ անհրաժեշտ է տեղապահ ընտրել: Եկեղեցական կանոնադրութեան եւ աւանդոյթներու համաձայն՝ պատրիարքի վախճանէն ետք տեղապահ կ’ընտրուի, որն ալ կը ղեկավարէ պատրիարքարանը մինչեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւնը: Սակայն 2010 թուականէն ի վեր պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը զբաղեցնող Արամ Աթէշեանը օրերս յայտարարած էր, թէ դէմ է տեղապահի ընտրութեան եւ ինքը՝ որպէս փոխանորդ, կը պատրաստուի համակարգել պատրիարքական գալիք ընտրութիւնները:

Ժողովի ժամանակ փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով Հոգեւոր խորհուրդի անդամներէն 5-ը կողմ քուէարկած են գործընթացը պատրիարքական փոխանորդի միջոցով շարունակելու օգտին, 3 անդամ կողմ արտայայտուած է տեղապահ ընտրելու տարբերակին, եւս մէկը ձեռնպահ մնացած է: Այսպիսով, որոշում ընդունուած է Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի եւ կրօնական ժողովի ընդհանուր ստորագրութեամբ յառաջիկայ օրերուն դիմում ներկայացնել Իսթանպուլի նահանգապետարան Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ժամանակացոյցը պետական մարմիններու հետ համաձայնեցնելու համար:

Նախօրէին կայացած ժողովէն առաջ պոլսահայ իրաւաբաններ Սեդրակ Տաւութհանը եւ Սեպուհ Ասլանկիլը «Ակօս» պարբերականի հետ զրոյցի ժամանակ ընդգծած են, որ եկեղեցական աւանդոյթներու համաձայն՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պէտք է գլխաւորէ պատրիարքական տեղապահը: Աւելի վաղ նման կարծիք յայտնած էր նաեւ պատրիարքարանի կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը՝ յայտարարելով, որ կը պատրաստուի առաջադրել իր թեկնածութիւնը տեղապահի պաշտօնին:

Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը վախճանած էր այս տարուան Մարտի 8-ին՝ 62 տարեկան հասակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment