Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ս.Դ. Հնչակեան Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Դեսպան Վահագն Մելիքեան Հետ

Ս.Դ. Հնչակեան Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Դեսպան Վահագն Մելիքեան Հետ

by MassisPost

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9-ին, ՍԴՀԿ Կլէնտէլի գրասենեակը այցելեց Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար դեսպան Վահագն Մելիքեան: Անոր կ’ընկերակցէին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ խորհրդական Պր. Վարազդատ Պահլաւունի: Հիւրերը ընդունուեցան Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի:

Հանդիպման ընթացքին դեսպան Մելիքեան անդրադարձաւ Հայկական սփիւռքի ներուժը համախմբելու ու զայն ի սպաս Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ուղղելու կարեւորութեան: Ան նաեւ ներկայացուց Հայաստան-ԱՄՆ, Հայաստան-Ռուսաստան եւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու վերջին զարգացումները: Դեսպանը շեշտեց, որ Հայաստան ներկայիս կը վարէ իր ուրոյն արտաքին քաղաքականութիւնը՝ մեկնելով բացառապէս երկրի ազգային շահերէն:

Տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում՝ հակազդելու համար Ատրպէյճանական լոպպիիստական աշխատանքներուն, որոնք վերջին շրջանին թափ առած են Միացեալ Նահանգներէն ներս:

Հնչակեան Կուսակցութեան ատենապետ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան վերահաստատեցին որ, Կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն ու պետական այլ կառոյցներուն հետ, յատկապէս որ, Կուսակցութիւնը տարիներ շարունակ պայքարած է նախկին վարչակարգին դէմ ու մեծապէս կը գնահատէ ժողովրդային յեղափոխութեան յաղթանակին շնորհիւ Հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող շօշափելի փոփոխութիւններն ու տեղաշարժերը, որոնք իրենց դրական անդրադարձը կ’ունենան սփիւռքահայութեան լայն զանգուածներուն մօտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment