Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Կայծ» Երիտասարդական Միութեան Կազմակերպութեամբ Պատանեկան Գարնանային Հաւաք

«Կայծ» Երիտասարդական Միութեան Կազմակերպութեամբ Պատանեկան Գարնանային Հաւաք

by MassisPost

«Կայծ» Երիտասարդական Միութիւնը ուրախ է տեղեկացնելու, որ Հայ Ամերիկայի Խորհուրդի հետ համագործակցաբար կազմակերպած է պատանեկան գարնանային հաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 29-էն մինչեւ Ապրիլ 1-ը, 2019:

Սոյն հաւաքը Անվճար է եւ 11-17 տարեկան տղաք եւ աղջիկներ հրաւիրուած են մասնակցելու անոր:

Ինչպէս ձեզմէ շատերուն ծանօթ են, «Կայծը» նուիրուած է հայկական ժառանգութեան պահպանման՝ հայ երիտասարդներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման միջոցով:

Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան հովանիին տակ 1910-ին հիմնուած մեր միութիւնը ունի երկար տարիներու պատմութիւն՝ մեր համայնքի կեանքէն ներս իր ներգրաւուածութեամբ եւ ընկերային ու քաղաքական գործունէութեամբ:

Հաւաքավայրը գտնուելով գեղատեսիլ Կանաչ Լիճի շուրջ (Big Bear Lake-ի մօտ), կը հանդիսանայ լաւագոյն վայրը երիտասարդներու հայեացքները ընդլայնելու համար եւ հրաշալի հնարաւորութիւն կու տայ հայ պատանիներուն՝ ծանօթանալու իրենց ազգային ժառանգութեան, մշակոյթին, պատմութեան, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ առկայ հայկական հարցերուն եւ մեր հասարակութեան ներկայի վիճակին: Լսելով այս նիւթերու մասին, անոնք ձեռք պիտի ձգեն խմբային հմտութիւններ եւ ստեղծեն երկարատեւ բարեկամութիւններ՝ այլ հայ երիտասարդներու հետ:

Պիտի խնդրենք որ, Ձեր զաւակները եւ կամ թոռնիկները արձանագրէք այս հաւաքին, կարելի եղած չափով շուտ, նկատի ունենալով որ տեղերը սահմանափակ են:

Արձանագրութեան եւ կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կը խնդրուի հեռաձայնել 818-660-5142 թիւին եւ կամ կապուիլ էլեկտրոնային փոստով՝ [email protected]:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment