Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապօրինի Գումարներու Հարցով ԱՄՆ Պատրաստ է Օգնել Հայաստանին

Ապօրինի Գումարներու Հարցով ԱՄՆ Պատրաստ է Օգնել Հայաստանին

by MassisPost

«Մենք չունինք ոչ անոնց փողերու, ոչ ալ անոնց կարիքը, անոնք մարդիկ են, որոնք չեն յարգեր օրէնքը եւ գալով այստեղ՝ կը թունաւորեն մեր համակարգը, կը փորձեն կաշառել մեր քաղաքացիները», – Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի նախկին յատուկ գործակալ Պրայըն Էրլը կրկին անգամ յիշեցուցած է՝ ԱՄՆ-ը պատրաստ է իր կողմէն բոլոր ջանքերը գործադրել զարգացող երկիրներէն ապօրինի ձեռքբերուած գումարները վերադարձնելու համար: Ելոյթ ունենալով ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի Հելսինքեան յանձնաժողովի առաջ՝ Էրլ ընդգծած է. Ուաշինկթընի մէջ պատրաստ են աշխատելու զարգացող երկրներու քաղաքացիներէն գողացուած գումարները վերադարձնելու ուղղութեամբ, սակայն, գործընթացը յաջողութեամբ իրականացնելու համար Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ է միւս կողմի իշխանութիւններու համագործակցելու պատրաստակամութիւնը: Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ ԱՄՆ-ի իրաւապահները նոյնպէս սերտ կը համագործակցին, համոզուած է Պրայըն Էրլը.

«Շատ բան այստեղ կախուած է իրենց ժողովուրդը ներկայացնող իշխանութիւններէն, քանի որ այդ գործի  համար բոլոր գործիքները առկայ են»:

Սակայն, կը յիշեցնէ նախկին յատուկ գործակալը, ապօրինի ձեռքբերուած գումարներու վերադարձը կը պահանջէ երկար տարիներու աշխատանք բոլոր կողմերէն: Յաճախ երկիրներու իշխանութիւնները, ուրկէ դուրս բերուած էին գումարները, չունին բաւարար փորձ կամ ցանկութիւն ամերիկեան իրաւապահներուն փաստեր տրամադրելու համար, որ կ’օգնէր բացայայտել այդ գումարները:

Հայաստանի երկրի նախկին իշխանութիւնները կաշառակերութեան դէմ պայքարը հիմնական կը սահմանափակէին արտերկրեայ   նուիրատուներէն  նիւթական միջոցներ խնդրելով, մինչդեռ, միջազգային մասնագէտներու գնահատմամբ 2004-2013 թուականներուն Հայաստանէն շուրջ 9 միլիառ տոլար ապօրինի արտահանուած է, նշած է Transparancy International կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Սոնա Այվազեանը: «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք, կարծես թէ, իրավիճակը փոխուած է.

«Առաջին անգամ մենք ունինք կառավարութիւն, կամ, թերեւս, ճիշդ կ’ըլլայ ըսել, առաջնորդ, որ հետաքրքրուած է կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելով եւ պատրաստ է այդ ուղղութեամբ իրական քայլեր ձեռնարկել»:

Ապօրինի միջոցներու՝ հայրենիք վերադարձնելու ճանապարհին մարտահրաւէրները սակայն այդքանով չեն սահմանափակուիր: Յաճախ այդ միջոցներուն մէկ մասը այլեւս անհնար կ’ըլլայ վերադարձնել, նշած է ԱՄՆ-ի Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի նախկին յատուկ գործակալ Քերըն Կրինուեյը.

«Միջոցներու վերադարձման հիմնական խնդիրը այն է, որ անոնք յաճախ կը ծախսուին վերավաճառքի ոչ ենթակայ ապրանքներու վրայ կամ կը փոշիացուին թանկարժէք հագուստի, մարզական խաղերու կամ խաղատուներու մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment