Յառաջիկայ Մարտ ամսէն Թուրքիոյ մէջ պիտի հեռարձակուի առաջին հայկական համացանցային հեռուստաալիքը՝ «Լոյս TV»-ն։
Շուրջ 7 տարի առաջ պոլսահայ մտաւորական Արամ Քուրանի եւ անոր ընտանիքի ջանքերով հիմնուած «Լոյս» ամսագրի յաջողութիւնը յուշեց հեռուստաալիք ստեղծելու գաղափարը։ Առաջին հեռարձակման փորձը արդէն ըրած են՝ 6 Յունուարին, Սուրբ Ծննդեան օրը, ուղիղ եթերով ցուցադրելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի մայր եկեղեցւոյ ու Շիշլիի հայկական Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ տօնական պատարագները։
«Լոյս TV»-ի համահիմնադիրներէն Յարութիւն Քուրանի խօսքերով, այժմ հեռուստաալիքը կը պատրաստուի շուրջօրեայ հեռարձակման՝ ծրագրի յստակեցման, աշխատակազմի ձեւաւորման, թեխնիքական վերազինման աշխատանքներ կ’ընթանան:
«Լոյս TV»-ի համահիմնադիրը ուրախութեամբ նշած է, որ հայկական հեռուստաալիքի ստեղծման ճանապարհին Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէն ոչ մէկ արգելքի հանդիպած են: «Պետութիւնը մեզի շատ օգնեց։ Անոնք ալ ըսին, որ դուք Թուրքիոյ համար գոյն մըն էք, ձեր գործը Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր է», – մանրամասնած է Քուրան։