Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Կառավարութեան Կողմէն Նախապատրաստուած Ճանապարհային Քարտէզը Շատ Տպաւորիչ է. Սվիթալսքի

ՀՀ Կառավարութեան Կողմէն Նախապատրաստուած Ճանապարհային Քարտէզը Շատ Տպաւորիչ է. Սվիթալսքի

by MassisPost

Հայաստան-ԵՄ համաձայնագրի վաւերացման գործընթացը կ’ընթանայ նորմալ կերպով: Այս մասին «Մետիամաքսին» տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին:

Անոր խօսքով, մինչ այժմ ԵՄ անդամ-պետութիւններու գրեթէ մէկ երրորդը արդէն վաւերացուցած է համաձայնագիրը, իսկ միւս երկիրներուն մէջ վաւերացման գործընթացը բաւականին առաջ գացած է:

«Կրնանք խօսիլ այլ պետութիւններու հետ վաւերացման գործընթացներու մասին, որոնք Եւրոպական միութեան հետ կնքած են աւելի յաւակնոտ համաձայնագրեր (Վրաստան, Մոլտովա): Սովորաբար բոլոր անդամ-պետութիւններու կողմէն համաձայնագրի վաւերացման համար կը պահանջուի 2-2.5 տարի: Այն, ինչ մենք ունինք հիմա, բաւականին նորմալ պատկեր է:

Առաւել կարեւոր է այն, որ չկան քաղաքական ազդակներ որեւէ անդամ-պետութեան կողմէ, որոնք կրնան մատնանշել հնարաւոր քաղաքական կամ այլ բարդութիւններու մասին: Այս տարի կայանալիք Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները շատ կարեւոր իրադարձութիւն են, սակայն թոյլ տուէք յիշեցնել, որ Եւրոպական խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ՝ 500 կողմ եւ միայն 50 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ արդէն տուած է իր համաձայնութիւնը համաձայնագրին: Եւրոպական խորհրդարանի կողմէն ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի հետ կապուած որեւէ պահանջներ չկան: Ուստի, մենք պէտք է ձեռնամուխ ըլլանք համաձայնագրի կիրարկման, քանի որ անոր դրոյթներու 80 տոկոսը արդէն իսկ ուժի մէջ մտած է»,-ըսած է Սվիթալսքին:

Դիտարկման, որ Արմէն Աշոտեանը, վկայակոչելով Պրիւքսէլի իր աղբիւրները, նշած էր, որ ԵՄ-ն գոհ չէ եղած հայկական կողմի ներկայացուցած Ճանապարհային քարտէզի նախագծէն, Սվիթալսքին արձագանգած է. «Հայաստանի կառավարութիւնը Եւրոպական միութեան ներկայացուցած է Ճանապարհային քարտէզի նախագիծը, եւ այն ներկայիս կ’ուսումնասիրուի Պրիւքսէլի մէջ: Մենք խոստացած ենք տրամադրել մեր մեկնաբանութիւնները մինչեւ Յունուարի վերջ: Այս պահուն կրնամ նշել, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ նախապատրաստուած փաստաթուղթը շատ տպաւորիչ է: Այն աւելի քան 100 էջ է՝ բաղկացած 300 գործնական քայլերէ, որոնք կառավարութիւնը կը նախատեսէ ձեռնարկել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment