Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անհատ, Կուսակցութիւն, Պետութիւն

Անհատ, Կուսակցութիւն, Պետութիւն

by MassisPost

der tavitianՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Կարդացինք ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովի բացման հանդիսութեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը: Եթէ իր խօսքը սահմանափակուէր միայն իր շարքային ընկերներուն, անհրաժեշտութիւնը պիտի չզգայինք գրելու այս յօդուածը: Բայց նկատի առած, որ հոն կան մեր ժողովուրդը յուզող կարգ մը էական միտքեր, որոշեցինք գրի առնել մեր այս խորհրդածութիւնները:

Մարգարեան կ’ըսէ. «Եթէ ժամանակին ամէն ինչ արւում էր ներհայաստանեան կեանքում դրական ոչինչ չտեսնելու, հիմա նոյնը ինքնաբերաբար սկսել է վերաբերել անցեալին, ուր ամէն ինչ ներկայացւում է բացասական երանգի ներքոյ: Անցեալն ամէն կերպ մերժող այս ընթացքը մեզ տանելու է ԻՆՔՆԱԿՈՐԾԱՆՄԱՆ» (շեշտադրումը մեզմէ՝ ՅՏԴ): Համաձայն ենք, որ այս մտայնութիւնը քանդիչ բնոյթ ունի եւ ատոր համար էր, որ կը քննադատէինք ՀՅԴ մամուլի մոտեցումները 1990-ական թուականներուն, երբ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան տարիներուն ամէն ինչ կը ներկայացուէր բացասականօրէն: Գլխաւոր օրինակ մը բերած ըլլալու համար նշենք, որ  «ցուրտ ու մութ տարիներ»ուն պատասխանատուութիւնը կը բեռցուէր ամբողջութեամբ անոր ուսերուն, իսկ Արցախեան ազատամարտի նուաճումները կ’իրագործուէին «ի հեճուկս» իրեն: Յետադարձ ակնարկ մը նետելով այդ տարիներուն վրայ, կրնա՞ք երեւակայել, որ ազգովին որքա՜ն շահաւոր կ’ըլլայինք, եթէ  այդպիսի հատուածամոլ մտայնութեամբ չառաջնորդուէինք:

Մարգարեան կ’ըսէ. «Խորհրդարանական ընտրութիւնների (9 Դեկտ. 2018-ի. ՅՏԴ) արդիւնքում ձեւաւորուել է, ըստ էութեան, մէկքաղաքական ուժի իշխանութիւն, որն իր ձեռքում կենտրոնացնելով թէ՛ օրէնսդիր, թէ՛ գործադիր իշխանութիւնը, իր ճնշման տակ է պահում նաեւ դատական իշխանութիւնն ու, այսպէս կոչուած, չորրորդ իշխանութիւնը՝ զանգուածային լրատուամիջոցները: Ըստ էութեան խախտուել է կառավարման խորհրդարանական համակարգի կարեւորագոյն յատկանիշը՝ իշխանութեան հակակշռելիութեան ու հաշուետուողականութեան սկզբունքը»: Նախ ճշտենք, որ ըսուածը ճիշտ չէ, որովհետեւ դատական համակարգի մարդիկը մեծամասնութեամբ նախորդ իշխանութեան մարդիկն են, իսկ լրատուամիջոցներու մեծամասնութիւնը դարձեալ նախորդ իշխանութեան մարդոց ձեռքին է: Բայց հարցումը, որ անմիջապէս ի մտի կու գայ, այն է, որ անցնող 20 տարիներուն պարագաները նոյնը չէի՞ն, երբ ՀՅԴ-ն մաս կը կ’ազմէր այդ իշխանութեան: Ի՞նչու լուր մնացին այդ տարիներուն եւ ի՞նչու այս լարախաղացումը հիմա:

Մարգարեան կ’ըսէ. «Ուստի այս պայմաններում մեզ այլ ելք չի մնում, քան դիրքաւորուել ներքին վտանգներին դիմակայելու համար: Լինելով կառավարութիւնից եւ խորհրդարանից դուրս՝ շարունակել լինել ժողովրդի կողքին՝ անընդհատ եւ ամէնուրեք եւ ժողովրդի հետ միասին չթողնել, որ մինչեւ յաջորդ ընտրութիւններ կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը ճակատագրական սխալներ անեն, իսկ յաջորդ ընտրութիւններին արդէն տուն ուղարկել այս իշխանութիւններին եւ ստանձնել երկրի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ (շեշտադրումը մեզմէ՝ ՅՏԴ) ղեկավարման գործը»: Ի՞նչ «ամբողջական ղեկավարման» մասին է խօսքը, երբ նախկին պարբերութեան մէջ ան կ’այպանէր «մէկքաղաքական ուժի իշխանութիւն»ը: Ի՞նչ «ժողովրդի կողքին-միասին» ըլլալու մասին է խօսքը, երբ 1991-ի նախագահական ընտրութիւններուն հազիւ 4 տոկոսը անցած ՀՅԴ-ն, 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նոյնիսկ 4 տոկոս չկրցաւ ապահովել: Այս ի՜նչ մեծամտութիւն, որ գլեց անցաւ ռոպերթքոչարեանական եւ սերժսարգսեանական գոռոզութիւնն ու ժողովուրդին վերէն նայելու մեծամտութիւնը: Եթէ նոյնիսկ վայրկեանի մը համար ենթադրենք, որ իր այս արտայայտութիւնը սայթաքում մըն էր, կարդացէք մեր յաջորդ պարբերութեան մէջ նշուած իր խօսքը:

Մարգարեան կ’ըսէ. «Դաշնակցութեան խանգարողները միշտ էլ եղել են ու միշտ էլ լինելու են: Առաւել եւս հիմա, երբ օրախնդիր է ազգայինի պահպանումը: Չափազանցրած չեմ լինի, եթէ ասեմ, որ ինձ յաճախ թւում է՝ ՄԵՐ ԴԷՄ ԱՇԽԱՐՀՆ Է ՊԱՅՔԱՐԻ ԴՈՒՐՍ ԵԿԵԼ (շեշտադրումը մեզմէ՝ ՅՏԴ): Պայքարում են պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, քաղաքական, հասարակական միաւորումներ, զանգուածային լրատուամիջոցներ»: Բայց ի՞նչ է պատճառը, որ ՀՅԴ-ի դէմ ամբողջ «աշխարհն է պայքարի դուրս եկել»: Մարգարեան կու տայ պատասխանը՝ «Բուն հարցը՝ Դաշնակցութեամբ մարմնաւորուած ազգային արժեհամակարգն է»: Տարբեր խօսքով՝ դաշնակցութիւնէն դուրս գտնուող հայութեան բոլոր մարմինները ազգային արժեհամակարգի գիտակցութիւնը չունին: Աւելի պարզաբանելով՝ ապազգային են: Կ’անդրադառնայ արդեօ՞ք Մարգարեան իր խօսքի տարողութեան, որ 2019-ին կու գայ յիշեցնելու 1950-ականներուն հնչած «ան որ Դաշնակցական չէ, հայ չէ» խօսքի ահաւորութիւնն ու կործանարարութիւնը:

Տակաւին կարելի է երկարել շարքը Մարգարեանի ելոյթին մէջ հնչած, մեղմ ըսած՝ արտասովոր եւ տարօրինակ միտքերուն, բայց պիտի բաւարարուինք միայն վերի չորս գլխաւորներով: Զանց կ’առնենք մեկնաբանել արտաքին թէ ներքին իրավիճակի մասին հնչեցուցած իր կարծիքներուն,  հայկական բանակի պախարակման վարկածին, Արցախը հայկական քաղաքական իրականութիւնէն դուրս մղելու ենթադրութեան, երկիրը իր ազգային ուղեգծէն հանելու ծրագրին, եւայլն, եւայլն:

Կարդալով իր ելոյթը, մենք կ’ունենանք այն տպաւորութիւնը, որ Մարգարեան դէմ է Թաւշեայ յեղափոխութեամբ Հայաստանի մէջ զարկ առած նոր մտայնութիւններու ձեւաւորման գործընթացին:  Իր մտածելակերպին աւելի հարազատ կը հնչէ նախկին իշխանութիւններու վարած մենատիրական, վերէն պարտադրելու քաղաքականութիւնը: Ատոր համար է, որ ներկուսակցական ընդդիմութեան ակնարկելով, ան կ’ափսոսայ, «որ ընդհանուր մթնոլորտից ազդուած՝ ունեցաւ պահեր ու պարագաներ, ուր մոռացուեցին մեր աւանդոյթները, մեր կարգն ու բարոյական հասկացութիւնները՝ ակամայ ջուր լեցնելով այլոց ջրաղացին»: Յստակ է, որ Մարգարեան հանգիստ չէ տասնամեակներէ ի վեր խմորման ընթացք ապրող նորարար մտածելակերպերու գաղափարին հետ եւ կուսակցութիւնը կը վարէ իր նախորդներէն ժառանգած մտածելակերպով: Բայց ժամանակները եւ իրադրութիւնները փոխուած են: Եւ ամենակարեւոր փոփոխութիւնը այն է, որ մենք մօտ երեք տասնամեակներէ ի վեր մեր անկախ պետութիւնը ունինք ու չենք կրնար կուսակցական մտածելակերպով պետութիւն ղեկավարել: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկման պատճառներէն մէկն ալ այդ մտածելակերպի դրսեւորումն էր: Վարչապետ Քաջազնունիի հաստատմամբ՝ «Չենք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից ու կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ»: Մարգարեանի այս մտածելակերպի արդիւնք է իր «այդպէս էլ չհասկացան, որ կայ ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը» խօսքը, որ դժբախտաբար վերածուած էր իր ելոյթի խորագրին:  Պետական մտածողութեան տէր ամէն գիտակից հայ կը հասկնայ, որ Դաշնակցութիւնով չսկսաւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ Դաշնակցութիւնով ալ պիտի չվերջանայ: Հազարամեակներու մեր պատմութեան մէջ մենք ունեցած ենք շատ աւելի հզօր մարմիններ, նախարարական տուներ եւ թագաւորութիւններ: Ամէն մէկը իր ներդրումը ունեցած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին ու անցած: Եկէք մեր այս խորհրդածութիւնը աւարտենք Աւետիք Իսահակեանի բառերով՝

Արարատի ծեր կատարին
Դար է եկել, վայրկեանի պէս
Ու անցել:

Հերթը հիմա քոնն է մի պահ,
Դու էլ նայիր սէգ ճակատին
Ու անցիր…

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment