Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Յեղափոխութեան Տարիէն՝ Դէպի Վերաշինութեան Տարին

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Յեղափոխութեան Տարիէն՝ Դէպի Վերաշինութեան Տարին

by MassisPost

Իւրաքանչիւր տարուայ աւարտին պարտաւոր ենք վերաքաղ մը ընելով անդրադառնալ անցնող ամիսներուն Հայ ժողովուրդի արձանագրած յաղթանակներուն ու յաջողութիւններուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ունեցած բացթողումներուն:

2018 տարին մեր ազգի համար եղաւ յաղթանակներու տարի մը, որու ընթացքին Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը արձանագրեց իր նորագոյն պատմութեան փառահեղ էջերէն մէկը: Քսանամեայ պայքարներէ ետք տապալեցաւ նախկին փտած համակարգը ու սեւ ամպերը հեռացան Հայաստանի երկնակամարէն: Այս բոլորը տեղի ունեցան ժողովրդային, խաղաղ, թաւշեայ յեղափոխութեամբ, որու առաջնորդը հանդիսացաւ նախկին լրագրող, քաղաքական բանտարկեալ, խորհրդարանի անդամ եւ երկար տարիներու ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեանը, որ հակառակ բոլոր կանխատեսումներուն կարողացաւ ոտքի հանել յուսալքուած զանգուածները ու կերտել յաղթանակ մը, որ արժանացաւ ոչ միայն հայութեան, այլ եւ ամբողջ աշխարհի զարմանքին ու հիացմունքին:

Այս յաղթանակով նոր հեռանկարներ բացուեցան հայ ժողովուրդի առջեւ՝ հիմը դնելով «նոր Հայաստանի» մը, ուր յուսալքութիւնը փոխարինուեցաւ լաւատեսութեամբ եւ քաղաքացիներուն տրուեցաւ առիթ՝ իրենց բնածին տաղանդը ի գործ դնելու ու կառուցելու աւելի փայլուն ապագայ մը իրենց զաւակներուն ու թոռներուն համար:

Մինչ այդ, մեր Հայրենիքը կը շարունակէ դիմագրաւել բազում դժուարութիւններ: Ժողովուրդի տնտեսական ու ընկերային վիճակի բարելաւումը, արտագաղթի կասեցումը, փտախտի դէմ պայքարը, երկրի կողոպտուած հարստութեան վերադարձը, դատական համակարգի վերականգնումը այն կարեւորագոյն խնդիրներն են, որոնք այսօր ծառացած են նոր իշխանութիւններուն առջեւ: Այս ուղղութեամբ ժողովուրդի ակնկալիքները ու սպասումները շատ մեծ են, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ տասնամեակներու ընթացքին կուտակուած դժուարութիւններու յաղթահարումը կը կարօտի, գերլարուած աշխատանքի, համախմբուածութեան, նուիրումի եւ մանաւանդ ժամանակի:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումները սկսած են ծառայել նաեւ մեր բանակի հզօրացման ու դիրքերու ամրապնդման: Արցախի սահմաններու պաշտպանութիւնը ու ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումն ու ամրապնդումը կը շարունակէ մնալ մեր ազգի համար առաջնահերթութիւն: Պատերազմի վտանգը միշտ առկայ է ու թշնամին իր ամէնօրեայ սպառնալիքներով կը փորձէ միակողմանի զիջումներ պարտադրել Արցախահայութեան: Այստեղ հրամայական է որ, շարունակուի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութիւնը՝ սանձելու համար Ատրպէյճանական կողմի ռազմական ձգտումները, ժողովուրդը կառչած պահելու իր հողին ու մեծ զոհողութիւններու գնով ձեռք ձգուած անկախութեանը:

Հայաստանի ժողովուրդի յաղթանակը ունեցաւ նաեւ իր դրական ներգործութիւնը սփիւռքի վրայ: Վերջին տարիներու իր թմբիրէն դուրս բերաւ սփիւռքահայութիւնը: Անտարբերութիւնը փոխարինուեցաւ խանդավառութեամբ, մտահոգութիւնը փոխարինուեցաւ լաւատեսութեամբ: Սփիւռքը իր դիմագրաւած բազում դժուարութիւններու յաղթահարման ու հայապահպանման աշխատանքներուն գծով արդիւնքներու հասնելու ճանապարհին կարիքը ունի նայելու դէպի իր Հայրենիքը՝ ուր կը կիրառուի ժողովրդավարութիւնը, կը տիրէ ընկերային արդարութիւնը, կը գործէ տնտեսական հաւասարութիւնը ու կը բացակայի կաշառակերութիւնը: Այս բոլորը այն կարեւոր ազդակներն են, որոնք սփիւռքահայութիւնը կը մօտեցնեն Հայաստանին ու օտարութեան մէջ ծնած ու մեծցած երիտասարդութիւնը կը խանդավառեն իրենց ազգային պատկանելիութեամբ, իսկ արտագաղթածներուն առիթը կու տան մտածելու հայրենադարձութեան մասին:

Վստահ ենք, որ 2019 թուականը պիտի ըլլայ վերաշինութեան տարի բոլոր այն բնագաւառներէն ներս, ուր մեր ժողովուրդը կարիքն ունի յաղթահարելու դժուարութիւններ ու արձանագրելու բարելաւումներ:

Թող նոր տարին դառնայ կարեւոր հանգրուան մը եւս մը մեր ազգի համարª առաջնորդելով մեզ նորանոր յաղթանակներու:

Շնորհաւոր Նոր Տարի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment