Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք կապերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող քաղաքական փոփոխութիւններուն առնչուող հարցեր:
Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ՍԴՀԿ-ի դերը հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ եւ յոյս յայտնած, որ ներհայաստանեան քաղաքական իրադարձութիւնները նոր ազդակ կը հաղորդեն Սփիւռքի եւ սփիւռքահայ քաղաքական կառոյցներու հետ յարաբերութիւններուն:
ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ողջունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ շեշտեց, որ ՍԴՀԿ-ն անվերապահ կ’աջակցի Նիկոլ Փաշինեանին` ժողովրդավարական, իրաւական պետութեան կառուցման, տնտեսութեան զարգացման եւ բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Սփիւռք կապերու յետագայ սերտացման հարցին: Նիկոլ Փաշինեանը կարեւոր նկատեց Հայաստանի զարգացման օրակարգին մէջ սփիւռքահայութեան մեծ ներուժի ներգրաւման գործին վերաբերեալ կառուցուածքներու ձեւաւորումը: ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամները նշեցին, որ պատրաստ են աշխոյժ համագործակցիլ ՀՀ կառավարութեան հետ այդ ուղղութեամբ: