Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը Կը Պատուէ Հէնրիխ Մխիթարեանը Լոնտոնի Մէջ ԹՈՒՄՈ X Հ.Բ.Ը.Մ Կեդրոններու Ի Նպաստ Կազմակերպուած Կալա Ձեռնարկի Ընթացքին

Հ.Բ.Ը.Մ.-ը Կը Պատուէ Հէնրիխ Մխիթարեանը Լոնտոնի Մէջ ԹՈՒՄՈ X Հ.Բ.Ը.Մ Կեդրոններու Ի Նպաստ Կազմակերպուած Կալա Ձեռնարկի Ընթացքին

by MassisPost

Աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած հիւրերու շարքին, ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ոտնագնդակի Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ աստղ՝ Եուրի Ճորքայէֆ

Մինչ Արսենալ Ակումբի կիսապաշտպան Հէնրիխ Մխիթարեանի երկրպագուները միշտ խուռներամ ներկայ կը գտնուին մարզադաշտէն ներս տեղի ունեցող իր մրցումներուն, անդին բազմահազար հայեր նոյնպէս, հեռատեսիլի միջոցաւ, ակնդէտ կը հետեւին իրենց սիրելի աստղին խաղերուն: Նոյեմբեր 3-ին, Մխիթարեանի երկրպագուներ եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) բարեկամներ, հաւաքուած էին Լոնտոնի Տհը Տորչէսթըր պանդոկին մէջ, տօնախմբելու համար Հէնրիխի ֆութպոլային նուաճումները, աւելին, երախտագիտութիւն յայտնելու անոր, իր մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն համար, որոնք նիւթական միջոցներ ապահոված էին ԹՈՒՄՈ X Հ.Բ.Ը.Մ երկու կեդրոններու ի նպաստ:

Մխիթարեան ծնած է 1989-ին, Երեւան եւ մանուկ հասակէն միշտ երազած է Ֆութպոլ խաղալ: Ֆութպոլի նկատմամբ իր սէրը կազմաւորուած է իր հօր, Համլէթ Մխիթարեանի պատճառով, որ 1980-ական թուականներուն եղած է անդամ առաջնակարգ տեղական թէ Ազգային ֆութպոլի խումբերու եւ որուն բոլոր խաղերը դիտած է ան: 17 տարեկանին, Հայաստանի մէջ երէցներու ակումբի մը մէջ խաղալ սկսելով, չորս տարի չանցած, ան արդէն հասած էր միջազգային արհեստավարժ մակարդակի: Շնորհիւ իր անձնական կարգապահութեան, ուշիմութեան եւ տաղանդին, ան համաձայնագրեր ստորագրած է Պորուսիա Տորթմունտ եւ Մէնչէսթըր Եունայթըտ խումբերուն հետ: Ներկայիս արդէն որպէս երիտասարդութեան կուռք, ան կը խանդավառէ եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ բազմահազար հայ մանուկներու եւ երիտասարդներու, իր օրինակելի վարքով, աշխուժութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ: Իր արհեստավարժ կեանքի առաջին իսկ օրերէն ներգրաւուած ըլլալով մարդասիրական ծրագիրներու մէջ, ան 2016-ին Բարեսիրական Դեսպան նշանակուեցաւ Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի (Միացեալ Ազգերու Մանուկներու Ֆոնտ) եւ ցարդ ջերմեռանդութեամբ կը գործէ այդ կազմակերպութեան հետ, կրթութեան եւ մարզական բնագաւառներու մէջ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անոնց համար առիթներ ապահովելու ուղղութեամբ:

Կալա երեկոյթի ամբողջ տեւողութեան ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտ կը տիրէր: Օրուան հանդիսավարն էր Քամիլիօ Ազզուզ, որ ջերմօրէն բարիգալուստ մաղթեց հիւրերուն, որոնց շարքին էր ֆրանսահայ ֆութպոլի աստղ Եուրի Ճորքայէֆ: Ազզուզ, անդամ է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լանտըն Թրասթ-ի հոգաբարձական կազմին: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի օժանդակութիւններուն եւ գործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը բազմաթիւ կարեւոր եւ կենսական նախաձեռնութիւններու, որոնց շարքին՝ ԹՈՒՄՈ X Հ.Բ.Ը.Մ կեդրոններու ծրագիրը: Յատկապէս այդ ծրագրի գոյառումին քաջալեր հանդիսացած եւ աջակցած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Էմպըր Քէփիթալ ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ժոզէֆ Ուղուրլեան, սատարելով նաեւ ԹՈՒՄՈ Ստեղծարարար Ճարտարարուեստի Կեդրոններու տարածումին:

Իր խօսքին մէջ Ժոզէֆ Ուղուրլեան մատնանշեց, թէ երեկոն առիթ կը հանդիսանար լուսարձակի տակ բերելու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ ԹՈՒՄՈ-ի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտելու Հայկական ազգային ինքնութեան համար բնորոշիչ հանդիսացած իրադարձութիւններ: «Երբ կ’ապրէինք Ֆրանսայի մէջ, մեզի համար հպարտութեան բաբախուն պահեր էին 1998-ի Ֆութպոլի Միջազգային Դաշնութեան աշխարհի ախոյանութեան բաժակի աւարտական խաղերուն՝ Ֆրանսայի Ազգային Հաւաքականի եւ Եուրիի խաղարկութիւնը եւ իրագործած յաղթանակը: Եուրիի տաղանդին միջոցաւ, Հայութիւնը յայտնուեցաւ համաշխարհային ֆութպոլի շրջանակներէն ներս: Հիմա, անգամ մը եւս, մենք ուրախութեամբ կը ճառագայթենք, ամէն անգամ որ Մխիթարեան կը յայտնուի մարզադաշտէն ներս, եւ ժողովուրդը խելայեղ կը վանկարկէ իր անունը: Մխիթարեան՝ ֆութպոլի աշխարհը եւ իր միլիոնաւոր երկրպագուները իրազեկ դարձուց Հայաստանի իրականութեան: Ճորքայէֆի եւ Մխիթարեանի յաջողութիւնը մեր յաջողութիւնն է, որովհետեւ երբ մեզմէ որեւէ մէկը կը յաջողի, մենք բոլորս կը յաջողինք:» Ասիկա երրորդ անգամն էր, որ Ժոզէֆ Ուղուրլեան եւ իր ազնիւ տիկինը Ժէննին, լայնասրտօրէն կը հիւրընկալէին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լոնտոնի Կալա-ն:

mkhitaryan-agbu

Անշուշտ երեկոյի ամենախանդավառ պահը նոյնինքն Մխիթարեանի ժամանումն էր, երբ ան Արսէնալի խումբի մրցումէն անմիջապէս ետք, որուն մասնակցած էր, կը հասնէր եւ կը բարձրանար բեմ, ստանալու համար Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Համաշխարհային Գերազանցութեան Մրցանակ-ը: Խօսք առնելով ան ըսաւ. «Ես կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել Հ.Բ.Ը.Մ.-ին, որ զիս հրաւիրեց մասնակցելու երիտասարդներու կրթութեան սատարելու նպատակով կազմակերպուած այս ձեռնարկին: Կ’ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Եուրիին, որ ինծի համար տիպար օրինակ հանդիսացաւ, երբ ես պատանի տարիքիս կ’երազէի արհեստավարժ ֆութպոլիսթ դառնալ: Մենք պէտք է խանդավառենք մեր երիտասարդութիւնը եւ աշխատինք անոնց համար կեանքի առիթներ ստեղծել, որպէսզի անոնք հասնին իրենց նպատակներուն: Ես խորապէս երախտապարտ կը զգամ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ ԹՈՒՄՈ-ի նման կազմակերպութիւններու կատարած գործին համար:»

AGBU-Nov3-Gala03

2015-ին գոյութիւն առած ԹՈՒՄՈ X Հ.Բ.Ը.Մ կեդրոնները, արդէն իսկ իրենց դրոշմը ձգած են 3000-է աւելի պատանիներու վրայ: Այս լաւագոյն եւ նորագոյն միջոցներով օժտուած կառոյցները, անվճար կերպով տրամադրելի են եւ առիթ կ’ընձեռեն փայլուն եւ խոստմնալից երիտասարդներու, որպէսզի անոնք յայտնաբերեն եւ մշակեն իրենց տաղանդները, ձեռք բերեն թուայնական հմտութիւններ եւ դրսեւորեն իրենց ստեղծագործական կարողութիւնները: Հ.Բ.Ը.Մ.ը, կրթական նորարարութեան եւ որակաւոր ուսման իր նախաձեռնութիւններուն միջոցաւ, որոնցմէ մին է ԹՈՒՄՈ X Հ.Բ.Ը.Մ գործակցութիւնը, կը շարունակէ երիտասարդութեան լայն շրջանակներուն տրամադրելի դարձնել զարգացման տարբեր կարելիութիւններ, կազմաւորելով կրթեալ եւ հմուտ հայ նոր սերունդներ:

Իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր հայ սերունդ, անհրաժեշտ է որ ունենայ իր հերոսները, որոնք խորապէս գիտակցելով իրենց ինքնութեան, զայն կը բաժնեն աշխարհին եւ իրենց օրինակով կը մղեն մեզ ձգտելու կատարելութեան: Արամ Խաչատուրեանէն մինչեւ նորոգ հանգուցեալ Շարլ Ազնաւուր, միշտ այդպէս եղած է պարագան: Այսօր, մենք ունինք այս հրաշալի տիպարը մեր երիտասարդութեան համար: Հէնրիխ, դուն լաւագոյնս կը մարմնաւորես աշխարհաքաղաքացիութեան մեր պատկերացումը: Շնորհակալ ենք քեզի, որ կը շարունակես հպարտութիւն ներշնչել մեր բոլորին:»
Երեկոյի ջերմ մթնոլորտի առթած խանդավառ տրամադրութեամբ, ներկաներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններով, իրականացաւ 230,000 ամերիկեան տոլարի հանգանակութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment