Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ընկ. Կիրակոս Թիւթիւնճեանի Ելոյթը Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 103-Ամեակին Առթիւ

Ընկ. Կիրակոս Թիւթիւնճեանի Ելոյթը Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 103-Ամեակին Առթիւ

by MassisPost

Այսօր, համախմբուած ենք այս սրահին մէջ անգամ մը եւս մեր յարգանքը մատուցելու Հնչակեան Կուսակցութեան անմահ Քսաններու յիշատակին:

Պատմութիւնը մարդոց սխրագործութիւններու վկայարանն է: Մեծամասնութեամբ արիւնով արձանագրուած էջերու հայելին:

Հայ ազգային ազատագրական պայքարի բախտորոշ եւ անկիւնադարձային պահերուն Հնչակեան կուսակցութեան քաղաքական միտքն ու իրականութենէն բխող իրատես կեցուածքները  պատմական արժէքով կը գնահատուին այսօր:

Սուլթան Ապտուլհամիտի գահակալութենէն ետք, հայ ժողովուրդին ազատութիւն եւ ինքնավարութիւն խոստացող Իթթիհատը, իր տեսակին  մէջ եզակի դաւադրութիւն մը կը պատրաստէր անոր դէմ:

Եղբայրութիւն, հաւասարութիւն եւ արդարութիւն խոստացող Իթթիհատը, Նոր Սահմանադրութենէն տարի մը չանցած Ատանայի կոտորածով եւ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան մարտկոցը աստիճանաբար զինաթափող Իթթիհատական Թուրքիան  կը նախապատրաստէր հայասպանութեաե ոճրային ծրագիրը:

Երիտասարդ Թուրքերու սին խոստումներէն տարուած քաղաքական եւ ազգային շրջանակներու կրաւորական համակերպումին եւ գործակցութեան քայլերուն դիմաց Հնչակեան կուսակցութեան յեղափոխական եւ հեռատես միտքն էր, որ նախազգալով այս բոլորը, Կոստանցայի մէջ գումարած իր համաժողովին ահազանգեց համազգային ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը եւ որոշեց զինեալ դիմադրութեան դիմել, ընդյատակեայ գործունէութեան անցնիլ Իթթիհատի դէմ, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական հաշուեյարդարի ենթարկել Իթթիհատի ղեկավարները:

Դժբախտաբար բացայայտուեցաւ Հնչակեաններու յանդուգն ծրագիրը: Անոր յաջորդեցին ձերբակալութիւններ, հարցաքննութիւններ: Թալէաթ անձամբ հետամուտ դարձաւ, որպէսզի Ռազմական Ատեանը ծանրագոյն պատիժի ենթարկէ Հնչակեան գործիչները: Դատավարութիւնը տեւեց 17 օր: Ռազմական Ատեանը մահապատիժ վճռեց քսան Հնչակեան յեղափոխականներուն համար, եւ ահա 15 Յունիս 1915-ի վաղ առաւօտեան, Պայազիտ հրապարակին վրայ Քսան Հնչակեան գործիչներ կախաղանի վրայ իրենց արեամբ վճարեցին հայ ժողովուրդը թուրք եաթաղանէն փրկելու գինը:

Կատաղած ցեղասպանը Քսաններու նահատակութեամբ կ’ակնկալէր գլխատել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը: Բայց ան չարաչար ձախողեցաւ:

Գում Գափու թաղամասի քահանայ Գալուստ Պօղոսեանի վկայութեամբ, կախաղան բարձրացող առաջին դատապարտեալը եղաւ մեղրեցի յեղափոխական, հրապարակախօս Փարամազը, աւազանի անունով` Մատթէոս Սարգսեանը:

Կախաղանին առջեւ կանգնած Փարամազ, Քսաններու անզուգական ղեկավարը կը մարգարէանար հայ ժողովուրդին ազգային եւ ընկերային մօտալուտ վերստին ծնունդը. «Դուք մեր մարմինները կը կախէք, գաղափարը ոչ». Կ’ըսէր Փարամազ:

Սեբաստացի բժիշկ Պեննէ, աւազանի անունով Պետրոս Թորոսեան, կախաղան բարձրանալէ առաջ յայտարարեց. «Դուք քսաններս կը կախէք, բայց քսան հազարներ պիտի հետեւին մեզի»:

Յաջորդաբար կախաղանի պարանը անցաւ մնացեալ դատապարտեալներուն վիզէն Արաբկիրցի Արամ Աչըքպաշեան, Գեղամ Վանիկեան, Երուանդ Թոփուզեան, Ռուբէն Կարապետեան, Արմենակ Համբարձումեան, Գառնիկ Պոյաճեան, Երեմիա Մանուկեան, Յակոբ Պասմաճեան, Յովհաննէս Տէր Ղազարեան, Թովմաս Թովմասեան, Մուրատ Զաքարեան, Մկրտիչ Երիցեան, Գարեգին Պօղոսեան, Աբրահամ Մանուկեան, Մինաս Քէշիշեան, Սմբատ Գըլճեան, Հրանդ Եկաւեան, Պօղոս Պօղոսեան:

Այսպիսի դաժան ճակատագիրի դատապարտուեցան Քսանները: Մահապատիժի գործադրութեան ներկայ քահանային վկայութեամբ ոչ մէկ տրտունջ կամ դժգոհութիւն կը լսուէր անոնց բերնէն, որովհետեւ Քսանները համոզուած նուիրեալներն էին հայ ազգային ազատագրութեան պայքարին:

Քսաններու սխրագործութիւնը դուրս գալով կուսակցութեան սահմաններէն դարձաւ համայն ժողովուրդի հպարտութիւնը: Սուլթան Պայազիտի վրայ բարձրացած Քսան մահասիւները կը հանդիսանային ոչ միայն հայ ազգային ազատագրական պայքարի վկաները, այլեւ Արեւելքի հորիզոնին վրայ ուրուագծուող ապագայ Հայաստանի յարութիւնը:

Իթթիհատականները մահապատիժի ենթարկեցին Քսանները, հրէշային կոտորածի ենթարկեցին ամբողջ հայ ժողովուրդը, բայց չյաջողեցան ճզմել հայ ժողովուրդի յեղափոխական կամքը, որովհետեւ ոչ մէկ ուժ կրնայ ծունկի բերել կախաղանէն չվախցող ժողովուրդը:

Յարութեան շունչը չուշացաւ հայութեան համար, երբ 1915-ի ցեղասպանութենէն եւ Արեւմտահայաստանի յափշտակումէն քանի մը տարի ետք, Սարդարապատի յաղթանակը վերականգնեց Հայաստանի պետականութիւնը՝  առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեամբ:

Իւրաքանչիւր առիթով երբ կ՛ոգեկոչենք Քսանները, ակամայ հարցում մը կը պատէ մեզի արդեօ՞ք Իթթիհաաի հարուածը ծանր պիտի ըլլար մեր ժողովուրդին համար, եթէ հայ քաղաքական հոսանքները օրին անսային համահայկական ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու Հնչակեան Կուսակցութեան կոչերուն:

Քսանները ֆիզիքապէս մեզի հետ չեն այսօր, սակայն առյաւէտ պիտի մնայ միացեալ ուժ դառնալու հայ ժողովուրդին յղած անոնց պատգամը:

Քսանները միասնականութիւն կը պատգամեն համայն հայ Ժողովուրդին՝ Սփիւռք եւ հայրենիք: Այո, միասնականութիւն կը պատգամեն Քսանները, այնպէս ինչպէս միասնականութիւն կը պատգամեն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, Եռաբլուրի մէջ ննջող մեր քաջարի ազատամարտիկները:

Յարգելի ներկաներ, գաղափարական աւիւնով դաստիարակուած Փարամազը եւ անոր ընկերները անմահութեան հաւատքով իրենց կեանքը նուիրաբերեցին պատմական այն բագինին, որ կը կոչուի Հայաստան:

Հայկական պետութիւնը, արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը եղած են ու պիտի մնայ Քսաններու Կուսակցութեան գոյութեան պայմանականը:

Հայաստանը ՄԱԿ-ի եւ միջազգային ընտանիքի անդամ պետութիւն դարձած է այսօր: Սակայն հզօր եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած պետութիւն կառուցելու մեր ճիգերը կը հակադրուին արտաքին եւ ներքին՝ ընկերային, տնտեսական սուր տագնապներու: Միւս կողմէ, սփիւռքը նոյնպէս կ՛ապրի տագնապ: Դիտեցէք մեր գաղութներուն այսօրուան իրավիճակը: Անընդունելի է համակերպիլ հիւծող հայրենիքի եւ սփիւռքի իրականութիւններուն: Այստեղ է, որ կÿարժեւորուի հաւաքական մտածողութեան Քսաններու պատգամը:

Յարգելով իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնները, ներդաշնակութիւն ստեղծել տեսակէտներու բազմազանութեան մէջ, ծրագրաւորէր համահայկական ուժի վերածուիլ եւ  հաւաքական մտածողութիւն դրսեւորել մեր դէմ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ:

Քսաններ ծնող Հնչակեան Կուսակցութիւնը հայապահպանութեան անփոխարինելի օճախը՝ Հայաստանը համարելով, անխախտ հաւատարմութեամբ Կանգնած է հայրենի պետութեան կողքին: Հզօր պետութիւնը Հնչակեան Կուսակցութեան համար գրաւականն է ոչ միայն ներկային, այլեւ ամբողջական Հայաստանի իրականացման: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, մենք շրջանցելով մեր ընկերային համոզումները, առաջնահերթ համարելով հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը զօրավիգ հանդիսացանք հայրենակերտումի ջանքերուն:

Մենք, հայրենիքի հզօր պետականութեան մէջ կը տեսնենք Արցախի միջազգային ճանաչումը, ինչպէս նաեւ մեր պահանջատիրական պայքարին յաղթանակը:

Հայրենիքի բարգաւաճումը եւ կայունութիւնը Հնչակեան Կուսակցութեան համար կը մնան թիւ մէկ մտահոգութիւն: Հնչակեան Կուսակցութեան համար հայրենիքի անկախութեան ամրապնդումը, ընկերային արդարութեան վրայ հենած պետականութիւնը  եղած է ու պիտի մնայ անոր գաղափարախօսութեան ամենակարեւոր դրոյթներէն մէկը:

Ուղեղներու արտահոսքը, հայրենալքումը, ստուերային տնտեսութիւնը, մենաշնորհութիւնը, չարաշահումներն ու յափշտակումները, հովանաւորչութիւնր դժոխային կացութեան մատնած էին հայրենի ժողովուրդը, ինչ որ անընդունելի եւ խորթ կը մնայ Հնչակեան Կուսակցութեան համար:

Մենք, Հայաստանի անկախութեան առաջին իսկ օրէն, հայրենի պետական շրջանակներու մէջ բոյն դրած ցաւալի երեւոյթներուն դէմ կենալով, համակարգի փոփոխութեան մէջ տեսած ենք մեր ժողովուրդին բարօրութիւնը, հայրենիքի վերելքը: Մենք այն քիչերէն եղանք, որ անկախութեան առաջին իսկ օրերէն յանդգնութիւնը ունեցանք ազդարարելու համակարգի փոփոխութեան, նոր մտածելակերպի, նոր գործելաոճի, ընկերային արդարութեան, օրէնքի գերիշխանութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի բոլորիս հաւաքական ջանքերով զարգանայ, բարգաւաճի եւ հզօրանայ համայն հայ ժողովուրդի վերջին հանգրուան եւ Քսաններուն հայրենիք Հայաստանը:

Մենք, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մեր բոլոր շարքայիններով եւ համակիրներով գործունեայ մասնակցութիւն ունեցանք հայրենիքի մէջ Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն ծնունդ առած ժողովրդային ընդվզումներուն: Մեր շարքայիններէն շատերª մեր երիտասարդական, համալսարանական միաւորները, սկաուտական շարժումները, մայրաքաղաք Երեւանի մէջ մեր փողերախումբը առաջին դիրքերու վրայ մասնակցեցան Հայաստանի եւ Երեւանի տարբեր պողոտաներու, հրապարակներու վրայ փտածութեան, կաշառակերութեան, ստուերային տնտեսութեան դէմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն արդար ընդվզումին: Մասնակցեցանք ժողովրդային ընդվզումներուն, որովհետեւ կը հաւատանք ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան:

Տարիներ շարունակ սփիւռքի եւ հայրենիքի տարբեր ամպիոններէն օրէնքի գերիշխանութիւն պահանջելէ ետք, վերջապէս անցնող Ապրիլ- Մայիս ամիսներուն հայրենիքի հորիզոնին վրայ ծնունդ առաւ մեր համոզումներուն հարազատ ժողովրդային արդար շարժումը: Շարժում, որուն մասնակցեցաւ համայն հայ ժողովուրդը: Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը տուաւ մեր հետապնդած հայրենիքին ազդանշանը:

Այսօր, այս ամպիոնէն անգամ մը եւս կու գանք մեր զօրակցութիւնը վերահաստատելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հայրենակերտումի յանդուգն ջանքերուն: Մեր կուսակցութեան բոլոր լծակները պիտի դնենք ի սպաս ազատ, օրէնքի գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քայլերուն:

Մեզի համար անընդունելի պիտի մնան հայրենի ժողովուրդին համեստ ապրուստը իւրացնող, հայրենիքի սահմանները կեանքի գնով պաշտպանող մերօրեայ ֆետայիներուն իրաւունքները չարաշահող աւազակաբարոյ անհատներն ու կազմակերպութիւնները: Մէկ խօսքով, ոչ մէկ զիջում փտածութեան եւ Ստուերային տնտեսութեան առջեւ: Այս իմաստով ուրախ ենք յայտնելու եւ հպարտութեամբ կ’արձանագրենք, որ Հնչակեան Կուսակցութիւնը հայրենիքի վերելքով, ժողովրդավարութեան ամրապնդումով, հայրենիքի բարգաւաճումով մտահոգ  մեծաթիւ բարեկամներ ունի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ազատ, գերիշխան եւ անկախ հայրենիքի տեսլականը համոզում է մեզի համար եւ ոչ կարգախօս:

Լռութիւնը նոյնքան դատապարտելի է, որքան մեղսակցութիւնը եւ յանցագործութիւնը:

Այս է Պայազիտի հրապարակէն մեզի հասած աւանդը, եւ այսօր անգամ մը եւս կÿերդնունք հաւատարիմ մնալ Փարամազներու, տոքթոր Պեննէներու եւ Վանիկներու մեզի կտակած ուխտին:

Իթթիհատը Քսաններ խլեց մեր ժողովուրդէն, փորձեց բնաջնջել մեր ժողովուրդը: Այսօր քսան հազարներ ազատ հայրենիքէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն հաշուետուութիւն կը պահանջէն ցեղասպանէն:

Եւ հաւատացէք յարգելի ներկաներ, պիտի գայ ճանաչումի, հաշուետուութեան եւ հատուցման օրը, այնքան ժամանակ որ մեր ժողովուրդը կը ծնի Փարամազներ, Վանիկներ, Տոքթ. Պեննէներ, կը ծնի Եռաբլուրի մէջ ննջող նահատակներ:

Բիւր յարգանք Քսաններուն,

Բիւր յարգանք հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment