Չորս տարիներ առաջ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին նշանակուեցաւ Ռուսաստանի մեծահարուստ Հայերէն՝ Սերկէյ Սարգիսով, որ այս ընթացքին «փայլեցաւ» համայնքային կեանքէն իր ամբողջական բացակայութեամբ: Աւելին, ան ամիսներ շարունակ չէ այցելած հիւպատոսարան, ներկայ չէ եղած իր իսկ հրաւիրած ընդունելութիւններուն: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն ան, զբաղած է իր անձնական գործերով:
Հայաստանի մէջ իրավիճակի փոփոխութեան լոյսին տակ, այս հարցի լուծումը դարձած է հրատապ:
Անկախութեան 25 տարիներու ընթացքին Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կարելի է համարել ամենէն աւելի կայացած գերատեսչութիւնը, ուր կ՛աշխատին երկար տարիներու դիւանագիտական փորձ ունեցող քատրային դիւանագէտներ: Նախկին իշխանութիւններու օրօք, միշտ չէ որ, ճիշդ ընտրութիւն կատարուած է արտասահմանեան ներկայացուցչութիւններէն ներս առաջին դէմքերու նշանակման հարցով, մասնաւորապէս շարք մը եւրոպական երկիրներու, Ռուսաստանի եւ մասնաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
Անցեալին Հայաստանի ընդդիմադրութիւնը միշտ ալ քննադատած էր նախկին իշխանութիւններուն՝ քաղաքական եւ կամ նիւթական նպատակներով դեսպաններ եւ գլխաւոր հիւպատոսներ նշանակելու մէջ:
Հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս տեսած որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, Կլէնտէլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան կը ձգտի Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի՝ իշխանութիւններուն մօտ: Յուսանք այս լուրերը իրականութեան չեն համապատասխանէր, այլապէս նոյն սխալը գործած պիտի ըլլան նոր իշխանութիւնները:
Պր. Սինանեանի նշանակումը միանշանակ չի կրնար ընդունուիլ համայնքին կողմէ, նկատի ունենալով որ ան իր քաղաքական գործունէութեան ընթացքին հաւասար հեռաւորութեան վրայ չէ գտնուած՝ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններուն եւ խմբաւորումներուն հետ:
Լոս Անճելըսը սփիւռքի ամենէն բազմամարդ հայկական համայնքն է, իսկ հիւպատոսարանը՝ «Հայոց Տունը», ուր բոլորը հանգիստ մուտք եւ ելք պէտք է ունենան:
Հետեւաբար, Լոս Անճելըսը պէտք ունի քատրային դիւանագէտ գլխաւոր հիւպատոսի:
«ՄԱՍԻՍ»