Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերջին Շաբաթներու Բացայայտումներու Արդիւնքով Հայաստան Վերականգնած է 18 Միլիառ Դրամ

Վերջին Շաբաթներու Բացայայտումներու Արդիւնքով Հայաստան Վերականգնած է 18 Միլիառ Դրամ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան բացայայտումներու արդիւնքով այս պահու դրութեամբ վերականգնուած է 18 միլիառ դրամ՝ 35 միլիոն տոլար։ Այդ մասին «Կիրակնօրեայ վերլուծական Հրայր Թամրազեանի հետ» հաղորդման ժամանակ ըսած է վարչապետի խորհրդական, գնումներու ոլորտն ուսումնասիրող «Հանրային քաղաքականութեան հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի» նախագահ, տնտեսագէտ Արտակ Մանուկեանը։

Տնտեսագէտը միեւնոյն ժամանակ նշած է՝ այստեղ ոչ թէ գումարի չափն է կարեւորը, այլ այն, որ այս տարիներու ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան ապագան գողացուած է ու կասկածի տակ դրուած է։

«Ներկայ պահին կարելի է խօսել շուրջ 18 միլիառ դրամի տեսանելի վերականգնումների, կամ այդ մեխանիզմներով բացայայտուած գումարի մասին, բայց ստեղ մենք մի փոքր ինքներս մեզ կը խաբենք, եթէ միայն գումարի ետեւից ընկնենք»,-ըսած է ան:

Ըստ վարչապետի խորհրդականի, գումարների ճիշդ հասցէաւորման պարագային շատ այլ խնդիրներ կը լուծուին։

«Այս կառավարութիւնն ունի շատ կարճ կեանք», -նշած է տնտեսագէտը, -աւելցնելով, որ «եթէ կառավարութեանը յաջողուի ամրագրել հաշուետուողականութեան, թափանցիկութեան ինստիտուտների կայացուածութիւնը, սա կը լինի առաւելագոյն ձեռքբերումը, որ արեց այս կառավարութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment