Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրուկուէյի Փունթա Տել Էսթէ Քաղաքին Մէջ Բացուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն Հրապարակ

Ուրուկուէյի Փունթա Տել Էսթէ Քաղաքին Մէջ Բացուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն Հրապարակ

by MassisPost

Երէկ Ուրուկուէյի Մալտոնատօ նահանգի ամենահռչակաւոր ծովափնեայ հանգստավայր Փունթա Տել Էսթէ մէջ բացուած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունը կրող հրապարակ, եւ այնտեղ տեղադրուած է Հայաստանի Իջեւան քաղաքի կողմէ նուիրաբերուած՝ հայ կնոջ ձօնուած քանդակ մը:

Հրապարակի անուանակոչումը օրինականացուած է  2015 թուականին՝  ընդառաջելով Հայաստանի նախկին պատուաւոր հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի նախաձեռնութիւնը:

Արարողութեան ներկայ եղած են ու ելոյթներ ունեցած են Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիամ Քէշիշեանը, Մալտոնատոյի նահանգապետ Էնրիքէ Անտիան, Մալտոնատոյի նահանգապետարանի մշակոյթի հարցերով պատասխանատու Խորխէ Սեսփետէսը, Փունթա Տել Էսթէի քաղաքապետ Անտրէս Խաֆիֆը, Հայաստանի դեսպան Էսթերա Մկրտումեանը եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուրուկուէյի թեմի առաջնորդ  Գերշ. Տ. Յակոբ արք. Գըլընճեանը:

«Ազատութեան» այն հարցին, թէ ինչո՞ւ փոխուած է յուշարձանի իմաստը, երբ որոշման մէջ նշուած է, որ այն պիտի ձօնուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, դեսպան Մկրտումեանը պատասխանած է ․ – «Հաշուի առնուեց, որ Ուրուկուէյում կան բազմաթիւ խաչքարեր եւ յուշարձաններ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերին նուիրուած, առաջարկը եղել է Մալտոնատոյի նահանգապետարանի կողմից, որպէսզի Հայաստանը ճանաչեն այլ խորհրդանիշներով, եւ համահունչ լինի այս քաղաքին եւ զբօսաշրջութեանը»:

Ձեռնարկի ընթացքին բոլոր ելոյթ ունեցողները նշած են, որ Ուրուկուէյը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնն է աշխարհի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment