Երէկ ՀՀ ԶՈւ Գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Մովսէս Յակոբեանը Հանրապետական հաւաքակայանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացուցած է 7 Յունուարին ՊԲ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ տեղի ունեցած դէպքի մանրամասները, որու հետեւանքով հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է մէկ եւ վիրաւորուած երկու զինծառայող:
Յիշեցնենք, որ հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Վաչէ Նուէրի Չիլինկարեանը:
«Ունեցել ենք կորուստ առաջին գծում հակառակորդի դիպուկահարի կրակոցից, այս պահի դրութեամբ կարող եմ արձանագրել այն, որ որեւէ մի խախտում այդ զինուորը չի իրականացրել, ինչպէս է ստացուել դեռեւս պէտք է պարզել»,-ըսած է Մովսէս Յակոբեանը:
Մովսէս Յակոբեանի փոխանցմամբ, երբ զինուորին փորձած է օգնութեան հասնիլ հրամանատարը, ան եւս վիրաւորուած է: Ապա մէկ այլ խումբ մեքենայով գացած է անոնց օգնութեան: Հակառակորդի կրակոցներու հետեւանքով խումբէն մէկ զինուոր եւս վիրաւորուած է: Ինչի արդիւնքով` երեկուայ դէպքերու հետեւանքով ունինք մէկ զոհ երկու վիրաւոր:
«Վիրաւորումները շատ թեթեւ են: Ուզում եմ առանձնացնել սպայի սխրագործութիւնը, որ մէկ վայրկեան չի մտածել, նետուել է իր զինուորի կեանքը փրկելու համար, բայց նորից փաստեմ, որ այդ զինուորը որեւէ խախտում չի արել: Հակառակորդը անընդհատ ձեւեր, մեթոտներ է փնտռում մեր զինծառայողներին խոցելու»,- ըսած է Յակոբեանը:
Անոր խօսքով Նոր տարին ե՛ւ մենք, ե՛ւ հակառակորդը դիմաւորած ենք շատ հանգիստ, կրակոցներու քանակը բաւականին քիչ եղած է, որեւէ միջադէպ առաջնագիծին այդ օրերուն չէ եղած: